«Երկիր».- Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան դիմատետրի իր էջին մէջ կը գրէ.« Մօտաւորապէս 5 տասնեակ զինծառայողներ, թոշակառու սպաներ Մարտունի քաղաքին մէջ 29 Դեկտեմբերին նոր բնակարաններ ստացան:
Նախագահը մարտունեցիներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին հաւաստիացուց, որ յառաջիկայ տարիներուն սպաներու բնակարանային ապահովման ուղղուած գումարները կտրականպէս պիտի աճի:
Մինչեւ 2023 թուական, Հայաստանի հետ միատեղ, վերջնականապէս պիտի լուծուի հերթացուցակներուն մէջ գտնուող սպաներու բնակարանային հարցը, ինչպէս նաեւ` առաջին կարգի հաշմանդամ եւ զոհուած ազատամարտիկներու բնակարանային հարցերուն հրատապ լուծումներ պիտի կատարուին: