ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Աւստրալիոյ անտառային հրդեհներուն առիթով այդ երկրի ժողովուրդին ու կառավարութեան կացութեան շուտափոյթ յաղթահարում մաղթած է:
Մնացականեան այս մասին գրառում կատարած է «թուիթըր»ի իր էջին վրայ` յայտնելով թէ մեծապէս անհանգստացած է Աւստրալիոյ այդ աղէտին ի տես:
«Զոհերը եւ միլիանաւոր տուժածները շատ հզօր պատգամ կը կրեն եւ համաշխարհային զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը կ՚ուրուագծեն», ըսած է նախարարը ու ցաւակցութիւն յայտնած է հարազատներ կորսնցուցած ընտանիքներուն:
Աւստրալիոյ հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ բռնկած անտառային հրդեհներուն հետեւանքով զոհերուն թիւը 6 Յունուարին հասած էր 25-ի: Հրդեհներներուն զոհ գացած են նաեւ միլիաւոր կենդանիներ: