«Թերթ».-ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններէն եօթն ժամանակաւորապէս զրկուած են Գլխաւոր վեհաժողովին ձայն տալու իրաւունքէն` կազմակերպութեան պիւտճէին կատարուող ներդրումները չփոխանցելնուն պատճառով:
Այդ երկիրներն են՝ Լիբանանը, Վենեզուելան, Կեդրոնական Ափրիկէն, Քամպիան, Լեսոթօն, Տօնկան եւ Եմենը:

ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 19-րդ յօդուածին համաձայն` երկիրը կը կորսնցնէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին իր ձայն տալու իրաւունքը, եթէ պարտքը կազմակերպութեան հանդէպ կը գերազանցէ վերջին երկու տարուան ընթացքին կատարած վճարումներուն չափը: