Հմէյմիմի ռուսական համակարգման կեդրոնը տեղեկացուց, որ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնաբերած է Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ «Սպիտակ Սաղաւարտակիրներ» կոչեցեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն նախապատրաստած սուրիական բանակը զրպարտող քիմիական կեղծ յարձակումի մը բեմադրութիւնը՝ զայն արեւմտեան եւ կարգ մը արաբական լրատուամիջոցներուն ուղղելու համար: