Հինգշաբթի, 30 Յունուար 2020-ին, Երուսաղէմի մէջ մահացաւ հայ պատմաբան Ալպերթ Աղազարեանը:
Աղազարեան ծնած է 1950-ին, Երուսաղէմ:
Աղազարեանի մահուան առիթով, Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս ցաւակցութիւն յայտնեց պաղեստինցի ժողովուրդին՝ նկատի ունենալով, որ Աղազարեան պաղեստինեան դատին պաշտպանն էր եւ իր ներդրումը բերած էր Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական-արաբական ներկայութիւնը ամրապնդող գործունէութեան:
Հայ պատմաբանը հեղինակն է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու, պատմագիտական յօդուածներու: Ան տարբեր հարթակներու վրայ կարդացած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ Պաղեստինի պատմութեան մասին: