ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Երկուշաբթի, 17 Փետրուարին Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին, անձամբ իր ու իր ներկայացուցած ժողովրդային զանգուածին անունով շնորհակալական նամակ մը յղեց Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին եւ խորհրդարանին` Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու իր պատմական որոշումին առիթով:

«Այս որոշումը խօսուն արտայայտութիւնն է երկու ժողովուրդներուն` հայոց եւ սուրիացիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական խոր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ այն ճշմարտութեան, որ դուք կը զօրակցիք մարդկային արդարութեան, իր  իրաւունքներուն համար պայքարող իրաւազրկուած ժողովուրդներուն դատին», յայտնեց Յ. Բագրատունի: Շնորհակալական իր նամակին մէջ երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ հողերը հայութեան արեամբ շաղախուած են` Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին, երբ Թուրքիա գործեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ծրագրեց ու բռնագաղթի ենթարկեց հարիւր հազարաւոր հայեր, որոնք Սուրիոյ մէջ գտան իրենց ապաստանն ու հայրենիքը:

«Կը վերահաստատենք մեր խոր երախտագիտութիւնը այս ողջունելի քայլին համար եւ ձեզի յաջողութիւն ու քաջութիւն կը մաղթենք` յուսալով, որ կը շարունակէք դիմակայել ամէն տեսակի ահաբեկչութիւն, բռնատիրութիւն եւ երկիրն ու ժողովուրդը թիրախ դարձնող հարուած», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: