«Աշխարհի մէջ հիւրի նման, ինչպէս եկանք, էնպէս կ’երթանք»։ Այս էր կրկնուող խօսքդ, պապո՛ւկ։ Ճիշդ է որ դուն հեռացար մեզմէ 40 օր առաջ, բայց հեռացար միայն մարմնապէս, քու հոգիդ մեզի հետ է եւ միշտ պիտի մնայ։ Աջ կը դառնանք կը տեսնենք քու ցանած սերմերդ, զորս կիսատ ձգեցիր, գինիի տակարը չէ պարպուած շիշերու մէջ։ Ձախ կը դառնանք ու կը տեսնենք բանջարեղէններու սերմերը, որոնք դարակին մէջն են, չհասար տնկելու…։
Շատ աշխատասէր էիր, կեանքը սիրող, լաւատես եւ գուրգուրալից։
Կը հաւատայիր, որ մեր երկիրը պիտի լաւանայ եւ ահա, երանի՜ մեզի հետ ըլլայիր, պապո՛ւկ, ու միասնաբար վայելէինք մեր բանակին տարած յաղթանակները։ Վստահ եմ, որ շա՜տ պիտի ուրախանայիր։ Միշտ յոյսով էիր եւ կ’ըսէիր, որ Թրթռեան հաստատութիւնը (զոր հաստատած էիք դուն եւ Կարպիս պապուկը) դարձեալ ոտքի պիտի հանէ՛ք եւ աշխատի՛ք, ու ձեր զաւակները պիտի վերադառնան, գործարանը իրենց կը սպասէ, որպէսզի անոնք նոր ոճով շարունակեն ձեր պապենական գործը։
Այո՛, շատ նշանաւոր էր քու հրամայական ոճդ, բծախնդրութիւնդ։ Երբ գործ մը յանձնէիր մեզի, կ’ուզէիր, որ քու ոճովդ աշխատինք։
Արփիա՛ր Պապուկ, քու գլխաւոր իւրայատկութիւնդ Քեսապի պատկանելիութիւնդ էր։ Հոգեպէս կապուած էիր ծննդավայր Քեսապին, անոր չքնաղ բնութեան, օդին ու ջուրին, քարին… թուփին, ուզեցիր միշտ շէն ու կանգուն պահել գիւղական աւանդներդ, տուն-տեղ կառուցեցիր, պարտէզներ մշակեցիր եւ նուիրուեցար գիւղի վերելքին։ Հանգստեան կոչուելէդ ետք, հոն մնայուն բնակութեան հիմեր դրիր։ Գիւղական պատկանելիութիւնը եւ պապենական ստացուածքներու պահպանումը աւանդ ձգեցիր զաւակներուդ ու թոռներուդ։
Պապո՛ւկ, հանգիստ ննջէ՛, բոլոր զաւակներուդ եւ թոռներուդ անունով խօսք կու տանք, որ պիտի շարունակենք մեր կեանքը, ինչպէս որ դուն կը փափաքէիր, պիտի մնանք համերաշխ եւ սիրով, այնպէս ինչպէս դաստիարակեցիր մեզ։
Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ, Արփիար Պապո՛ւկ։
Լէա Թրթռեան