«Երկիր».- ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի կառավարման խորհուրդի անդամ Ռաֆֆի Համբարեան ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի ընթացքին, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն յայտնեց, որ ԱՄՆ Ծերակոյտի կողմէն եւ Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւերու ընդունումով իրենց աշխատանքը չէ աւարտած:
«Մեր վերջնանպատակը արդարութիւնն է եւ արդարութիւնը կը հաստատուի, երբ մեր երկրի բերնին դրուած արգելքը հանուի, կարելի ըլլայ խօսիլ ցեղասպանութեան մասին եւ ժխտողականութիւնը քանդուի: 100 առ հարիւր վստահ եմ, որ պիտի շահինք, արդարութիւնը պիտի տիրէ, հարցը այն է, թէ ե՛րբ պիտի իրականանայ այդ մէկը: Մենք կ’աշխատինք, որ արդարութիւնը աւելի արագ հաստատուի», ըսաւ ան:
Ըստ Համբարեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբերու յաջորդ քայլը դէպի Սպիտակ տուն երթալն է: Այս պահուն սակայն, ամենահրատապ խնդիրը, որուն ուղղութեամբ կ՚աշխատի յանձնախումբը, ԱՄՆ-ի կողմէն Արցախի տրամադրուող օժանդակութեան պահպանումն է:
«Մեծ պայքար կ՚ընթանայ այս հարցին շուրջ, քոնկրէսին մէջ կան անձեր, որոնք կը փափաքին ընդհատել այդ օժանդակութիւնը եւ մենք քաղաքական պատերազմ կը մղենք անոնց դէմ: Անցեալ շաբաթ մօտաւորապէս 40 հազար ամերիկահայեր ստորագրութիւն ուղարկած են քոնկրէս` կոչ ուղղելով շարունակելու օժանդակութիւնը», ըսաւ Ռաֆֆի Համբարեան:
Յիշեցնենք, որ աշխարհի 20 երկրի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններու մօտաւորապէս 50 ներկայացուցիչներ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ 24-25 Փետրուարին պիտի մասնակցին Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին:
Աննա Բալեան
Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթով․