«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան դիմում ներկայացուցած է խորհրդարանի նախագահութեան` պահանջելով ազդարարել նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը` իր «կէաւուր» արտայայտութեան համար:
Փայլանի` խորհրդարանի նախագահութեան ներկայացուցած դիմումին մէջ ըսուած է, որ իր գլխաւորած «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» Կուսակցութեան 26 Փետրուարի ժողովին Էրտողան, ակնարկելով ոչ-իսլամներուն, ցեղապաշտական ու թշնամական ոճով հետեւեալ արտայայտութիւնը կատարած է` «կէաւուրի թուրը գողնալով` կրնաք այս ժողովուրդին ցաւցնել, սակայն երբեք անոր պայքարի ոգին չէք կրնար կոտրել»:
«Հանրապետութեան նախագահի ու քաղաքական կուսակցութեան ղեկավարի կողմէն Խորհրդարանին, որուն անդամն եմ ես, քրիստոնեայ համայնքը թիրախաւորող ատելութեան խօսք օգտագործելը անընդունելի է», ըսուած է հայ պատգամաւորի դիմումին մէջ:
Փայլանը խորհրդարանի նախագահութեան կոչ ուղղած է յանձնառու ըլլալու իր պարտականութիւններուն՝ ատելութիւն ու խտրականութիւն պարունակող արտայայտութիւնները դատապարտելու հարցով:
«Կը պահանջեմ անյապաղ դատապարտել ատելութիւն պարունակող արտայայտութիւնները եւ ըստ այնմ ազդարարել ԱԶԿ-ի ղեկավար Ռեճեպ Թայիփ Էրդողանը», եզրափակած է Փայլան: