«Արմէնփրէս».- Դիւանագիտական ծառայութեան աշխատակիցի օրուան նուիրուած նախաձեռնութեան յղած իր ուղերձին մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան յայտնած է, որ հայկական դիւանագիտութիւնը իր շօշափելի ներդրումը բերած է Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման, բացայայտելով միջազգային նոր հարթակներ եւ ընդլայնելով համագործակցութեան շրջանակներ: Նախաձեռնութեան մասնակցած եւ շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Զոհրապ Մնացականեան իր ուղերձին մէջ յիշած է.
«Մեծարգո՛յ պարոն վարչապետ,
սիրելի՛ հայրենակիցներ,
սիրելի՛ գործընկերներ,
առաջին հերթին, մեծարգո՛յ պարոն վարչապետ, կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի, որ կը մասնակցիք այսօր դիւանագէտի օրուան առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան`որպէս արտայայտութիւն Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան տրուած կարեւորութեան:
Տարէցտարի ընդլայնող մեր դիւանագիտական ընտանիքը այսօր կը յիշատակէ իր մասնագիտական տօնը` Դիւանագէտի օրը: 28 տարի առաջ այս օրը Հայաստանի նորանկախ Հանրապետութիւնը անդամակցեցաւ ՄԱԿ-ին եւ դարձաւ միջազգային այդ կարեւորագոյն կառոյցի լիիրաւ անդամ:
Հայեացք նետելով անցեալի հայ դիւանագիտութեան անցած ճամբուն վրայ, կրնանք արձանագրել, որ հայ դիւանագէտներու նուիրեալ ու քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ է, որ այսօր մենք ունինք կուռ եւ արդիւնաւէտ գործող համակարգ, որ ի վիճակի է հետեւողականօրէն պաշտպանել պետական եւ ազգային շահերը, լուծել իր առջեւ դրուած որեւէ արտաքին քաղաքական խնդիր:
Հայկական դիւանագիտութեան երեք կարեւորագոյն սկզբունքները` ինքնիշխանութիւնը, համահայկականութիւնն ու փոխգործակցութիւնը կը հանդիսանան մեր գործունէութեան այն յենասիւները, որոնց վրայ հիմնուելով մենք կը կայացնենք հիմնարար որոշումներ ու կ՚առաջնորդուինք տարբեր երկրներու հետ մեր յարաբերութիւններու ընթացքին:
Մեր դիւանագիտութեան սկզբունքայնութիւնն ու անկէ բխող դիրքորոշումներուն հետեւողական պաշտպանութիւնը կը նպաստէ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութեան բարձրացման ու վստահելի գործընկերոջ համբաւի ամրապնդման:
Հայկական դիւանագիտութիւնը իր շօշափելի ներդրումը կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման գծով` բացայայտելով միջազգային նոր հարթակներ, ընդլայնելով համագործակցութեան շրջանակները:
Յարգելի՛ գործընկերներ,
Դիւանագիտութիւնը կ՚առնչուի նաեւ մարդկային յարաբերութիւններուն, մարդկային յարաբերութիւններու բարձրագոյն արուեստ է, քանի որ կը հիմնուի բազմաբովանդակ գիտելիքներու, հմտութիւններու, մասնագիտական փորձառութեան ու մարդկային առաքինի յատկութիւններու վրայ: Դիւանագէտների շարունակական վերապատրաստման ու անոնց գիտելիքներու հարստացման առումով անգնահատելի ներդրում ունի նաեւ ԱԳՆ Դիւանագիտական դպրոցը: Մենք վճռականօրէն պիտի շարունակենք համակարգին մէջ մարդկային ու մասնագիտական ներուժի առաւել նպատակասլաց օգտագործման միտուած քաղաքականութիւնը:
Մեր նպատակն է մեր բոլոր ջանքերը ներդնել, որ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը արդարացիօրէն եւ մշտապէս վայելէ մեր պետութեան ամենակայացած ու արհեստավարժ կառոյցներէն մէկը ըլլալու համբաւը:
Յայտնի է, որ ոչ բոլոր դիւանագէտներուն աշխատանքը տեսանելի է, սակայն մենք կը գիտակցինք ու բարձր կը գնահատենք ձեր անձնական եւ ընտանեկան նուիրումը, մտային եւ գործնական ներդրումը, որ կը պահանջէ այս ծառայութիւնը։ Կը յայտնեմ իմ անկեղծ շնորհակալութիւնը ձեր բոլորին:
Կը փափաքիմ նաեւ առանձնայատուկ երախտագիտութիւնս յայտնել մեր այն դիւանագէտներուն, որոնք պատուով կը կրեն դիւանագէտի կոչումը եւ կարեւոր առաքելութիւններ կ՚իրականացնեն աշխարհի տարբեր անկիւններուն, առաւել եւս եւ առաջին հերթին պատերազմի գօտիներուն` Հալէպի, Դամասկոսի եւ Բաղտատի մէջ՝ անձնուրաց կերպով պաշտպանելով մեր ազգային ու պետական շահերը:
Մասնագիտական այս տօնին առթիւ, սիրելի՛ գործընկերներ, թոյլ տուէք սրտանց շնորհաւորել ԱԳՆ համակարգին եւ արտերկրի մէջ աշխատող այս միասնական դիւանագիտական ընտանիքի բոլոր անդամներուն տօնը եւ մաղթել նորանոր ձեռքբերումներ ու դիւանագիտական յաղթանակներ, անձնական եւ ընտանեկան երջանկութիւն` ի շահ մեր պետութեան անվտանգութեան ամրապնդման, մեր քաղաքացիներուն բարեկեցութեան բարձրացման ու Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութեան ապահովման»: