«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն 5 Մարտին Սուրիոյ հարցով տեղի ունեցած հանդիպումին հետեւանքով համաձայնութիւններ տեղի ունեցան, ըստ որոնց շահեկան դուրս եկան անմիջականօրէն ներգրաւուած երեք կողմերը:
«Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնեց արաբագէտ Սարգիս Գրիգորեան: Մասնաւորապէս, եթէ Թուրքիան Իտլիպի մէջ ունէր դիտակէտեր, ներկայիս աւելցուց զինուորական ուժ եւ որոշակի պարեկային ծառայութեան կէտեր ռուսերուն կողքին: Ռուսերը մէկ հատուածին մէջ կրցան ապահովել իրենց գործուն ներկայութիւնը` օգնելով ցամաքի իրենց գործընկերներուն:
«Սուրիական բանակը ապահովեց կարեւոր նշանակութիւն ունեցող մայր ճամբաներ` M5 եւ M4: Ինչպէս տեսանք, M5 մայր ճամբան այս ընթացքին ազատագրուեցաւ, իսկ M4-ը պիտի վերահսկուի նաեւ Ռուսիոյ կողմէ: Ասոնք կարեւոր հանգոյցներ են, որոնք կը կապեն Հալէպը Լաթաքիոյ եւ Դամասկոսի ուղղութիւններուն»,ըսաւ արաբագէտը: Սուրիոյ համար սա լաւ առիթ է Հալէպը ոտքի հանելու իմաստով: Այս ընթացքին սուրիական բանակը ազատագրեց նահանգի արուարձանները զինեալ խմբաւորումներէն, Հալէպը դարձաւ անվտանգ, բանիլ սկսաւ օդանաւակայանը, որ խոցելի էր, զինեալները դուրս բերուեցան անոր շրջակայ տարածքէն:
Իտլիպի մէջ լարուածութեան թուլացման պարագային Սարգիս Գրիգորեան նկատեց, որ քանի մը օր առաջ Թուրքիան արդէն յայտարարած էր, որ պիտի դադրեցնէ գործողութիւնները, սա ուղերձ էր, նախապատրաստուելու Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպումին: Ըստ արաբագէտին, կարելի է ըսել, որ լարուածութիւնը միայն որոշ չափով կը մեղմանայ, որովհետեւ տակաւին խորքային լուծումներ չկան:
«Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն համաձայնութիւնները կարճ ժամկէտով լուծումներ են: Երկար ժամկէտով կ’ըլլային, եթէ որոշուէր Իտլիպի ու շրջաններու ճակատագիրը, կը կարծեմ, կողմերը ապագային ձգած են ատիկա: Այս ուղղութեամբ ընելիքներ կան», յայտնեց Սարգիս Գրիգորեան` չբացառելով, որ Իտլիպի զգալի մասը վերահսկող զինեալ ուժերը, ամէն պարագայի, ժամանակ առ ժամանակ փորձեն լարուած պահել իրավիճակը:
Իտլիպի մէջ իրավիճակի լարուածութեամբ պայմանաւորուած` Թուրքիան որպէս ճնշող գործիք կը կիրառէր փախստականներուն հարցը: Սարգիս Գրիգորեան նկատեց, որ այս ուղղութեամբ քաղաքականութիւնը Թուրքիան պիտի շարունակէ քանի մը նպատակով: Ներկայ փուլին զայն օգտագործեց որպէս գործիք Եւրոպայի նկատմամբ ճնշում գործադրելու, սակայն հետագային կրնայ կիրառել Սուրիոյ այդ հատուածին աշխարհաքաղաքական պատկերը փոխելու համար:
Իտլիպի հետ կապուած իրավիճակը սաստկացաւ Յունուարի վերջը, երբ, ի պատասխան զինեալներու կողմէն հրադադարի խախտումին, Սուրիական բանակը ստիպուած հակահարուած տուաւ եւ ազատագրեց Հալէպի շրջանի ու Իտլիպի զգալի հատուածը: Մոսկուան իր աջակցութիւնը յայտնեց այս գործողութիւններուն, իսկ Անգարա զանոնք համարեց ձեռք բերուած համաձայնութիւններու խախտում: Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած էր, որ կը պատրաստուի վճռական քայլեր ձեռնարկելու Իտլիպի մէջ: Թուրքիան Իտլիպի մէջ սկսած էր «Գարնանային վահան» զինուորական գործողութիւնը, որուն հետեւանքով իրավիճակը աւելի սրած էր:

Աննա Գզիրեան