Երկուշաբթի, 9 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդագդութեամբ մը յայտնեց, որ անցեալ 24 ժամուան ընթացքին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ 8 անգամ խախտեցին զինադադադի համաձայնութիւնը եւ թիրախ դարձուցին Իտլիպի հարաւային Հազարին եւ Տար Քապիրա գիւղերը։ Նախարարութիւնը հաստատեց, որ թրքական կողմը աչքը փակեց տեղի ունեցած խախտումներուն դիմաց։