Երկուշաբթի, 9 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Նախարարներու Խորհուրդը իր շաբաթական նիստին ընթացքին պսակաձեւ (քորոնա) ժահրէն նախազգուշանալու համար որոշեց շուրջ 1 ամսուան տեւողութեան յարակից պետութիւններու հետ՝ ինչպէս Իրաքի եւ Յորդանանի, սուրիական սահմանները փակել, իսկ այն պետութիւններուն հետ, որոնց մէջ տարածուած է պսակաձեւ ժահրը՝ 2 ամիսով։ Խորհուրդը յանձնարարեց Սուրիոյ Տեղեկատուութեան եւ Առողջապակութեան նախարարութիւններուն գործակցաբար Սուրիոյ Կրթութեան եւ Բարձրագոյն Կրթութեան նախարութիւններուն հետ ծրագիր մը մշակակել՝ ժողովուրդը եւ յատկապէս դպրոցական եւ համալսարանական աշակերտութիւնը այս ժահրէն նախազգուշացնելու համար։ Խորհուրդը շեշտեց, որ պատասխանատու բոլոր կողմերը պարտին գործադրել նախարարութեան յառաջացնելիք ծրագիրը, իսկ Փոխադրութեան Նախարարութեան հետ գործակցելով փոխադրակարգերը քննել նախքան անոնց Սուրիա մուտք գործելը։