Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն ընդդիմադիր լրատուամիջոցներուն եւ լրագրողներուն դէմ հակօրինական քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի մասամբ մը ծածկեն Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ իրենց կրած պարտութիւնը:
Թրքական «Զաման» թերթը յայտնեց, որ Էրտողանի վարչակազմը շուրջ 25 լրագրող հարցաքննութեան հրաւիրած է եւ ուրիշներ ձերբակալած՝ այն զրպարտութեամբ, որ անոնք Իտլիպ եւ Լիպիա թրքական ուժերուն թափանցումներուն մասին կեղծ լուրեր կը հրապարակեն:
Թուրքիոյ իշխանութիւններուն սահմանադրութենէն եւ օրէնքէն շեղած ըլլալուն հետեւանքով՝ Թուրքիա օրական ականատես կը դառնայ լրագրողներու ձերբակալման գործողութիւններու: Այս երեւոյթին կողքին Թուրքիոյ մէջ կը յայտնաբերուին նաեւ 2013-էն ի վեր երկրին մէջ տիրող փտածութիւնն ու կաշառակերութիւնը, ինչպէս նաեւ 2016-ին տեղի ունեցած յեղաշրջումի մանրամասնութիւնները: