Օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Պասեմ Մանսուր յայտնեց, որ Դամասկոսի Միջազգային օդակայանին մէջ պսակաձեւ (քորոնա) ժահրը յայտնաբերելու համար նոր միջոցներ պիտի որդեգրուին:
Մանսուր «Ուաթան» թերթի թղթակիցին հաղորդեց, որ օդակայանէն ներս ժահրը յայտնաբերող գործիք պիտի տեղադրուի, որուն պարտականութիւնն է այլ երկիրներէ Սուրիա մուտք գործող ճամբորդներուն ջերմութիւնը չափել:
Մանսուր յայտնեց, որ սոյն գործիքը համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան կողմէ նուիրուեցաւ սուրիական կառավարութեան եւ շեշտեց Հալէպի Միջազգային օդակայանէն ներս նման գործիքներու գոյութեան անհրաժեշտութիւնը:
Այս առումով Սուրիոյ առողջապահութեան եւ ներքին գործոց նախարարները անձնապէս այցելեցին սուրիական-լիբանանեան սահմանային Ճտէյտէթ Եապուս կեդրոնը՝ Քորոնա ժահրէն նախազգուշացման համար ճամբորդներու քննութեան ընթացքին հետեւելու: