Հայաստանի հետ պետական սահմանին վրայ իրավիճակը սրելու, լարուածութեան աշխարհագրութիւնը ընդլայնելու եւ առկայ լարուածութեան նուազեցման կառուցակազմերը չկիրարկելու Ատրպէյճանի պարբերական փորձերը կը փաստեն, որ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը վտանգելու Ատրպէյճանի քայլերը միտումնաւոր բնոյթ կը կրեն: 10 Մարտին, այս հաստատումը բովանդակող յայտարարութիւն մը հրապարակեց Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը։
«10 Մարտին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանի նախիջեւանեան հատուածին մէջ զինադադարի դրութեան խախտման հետեւանքով դիպուկահարի կրակոցէ մը մահացու վնաս ստացած է զինուած ուժերու պայմանագրային զինուորական ծառայող Զոհրապ Գրիգորիի Սիանոսեան (ծն. 1984): Մեր խորին ցաւակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնենք զոհուած զինուորին ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն:
«Վերջին օրերուն սա Ատրպէյճանի հերթական փորձն է միտումնաւոր կերպով սրելու իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին վրայ. 6 Մարտին, ատրպէյճանական զինուած ուժերը փորձած էին իրականացնել ներթափանցում մը դէպի Տաւուշի շրջան:
«Ատրպէյճանի պարբերական փորձերը սրելու Հայաստանի հետ պետական սահմանին իրավիճակը, ընդլայնելու լարուածութեան աշխարհագրութիւնը եւ չկիրառելու առկայ լարուածութեան նուազեցմանն ուղղուած մեքանիզմները կը վկայեն, որ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը վտանգելու Ատրպէյճանի քայլերը կը կրեն միտումնաւոր բնոյթ:
«Ատրպէյճանի նման գործողութիւնները կը փաստեն, որ ԼՂ խաղաղ գործընթացին մէջ վտանգներու նուազեցման միջազգային մեքանիզմներու ներդնումը կարեւոր գերակայութիւն է, եւ այս ուղղութեամբ առկայ համաձայնութիւնները կեանքի կոչելը անհրաժեշտ պայման է խաղաղ գործընթացի հետագայ զարգացման համար», կը յիշուի յայտարարութեան մէջ: