«Ապառաժ».-31 Մարտին կայանալիք ընտրութիւններու քարոզարշաւին հերթական հանդիպումները ՀՅԴ ներկայացուցիչները 9 Մարտին շարունակած են Մարտակերտի շրջանի Չլդրան, Խնկաւան, Վաղուհաս, Զարդախաչ, Զագլիկ, Հաթերք եւ Շահումեանի շրջանի Ակնաբերդ համայնքներէն ներս:
Նախքան հանդիպումներուն մեկնարկը, Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան պատգամաւորութեան թեկնածուներուն հետ ծաղիկներ զետեղած է Արցախեան ազատամարտի հերոսներու յիշատակին:
Կայացած հանդիպումներու ընթացքին ՀՅԴ ներկայացուցիչները խօսած են նախընտրական ծրագիրի հիմնադրոյթներուն մասին եւ պատասխանած հնչած հարցումներուն:
Տուեալ համայնքներէն ներս բնակիչները կը հետաքրքրուէին փտածութեան եւ հովանաւորչութեան դէմ պայքարի, պետականամէտ արժեհամակարգով երիտասարդներու դաստիարակութեան, ներկայ քաղաքական իրավիճակին եւ այլ խնդիրներուն մասին ՀՅԴ-ի տեսակէտներով:
ՀՅԴ-ն կ’առաջարկէ փտածութեան կանխարգիլման համալրուած նախաձեռնութիւններու իրականացում հետեւեալ ուղղութիւններով`
-փտածութեան դէմ պայքարի հայեցակարգի ընդունում գիտական, տնտեսական, հասարակական ու քաղաքական հիմնաւորումներով,
-պետական գործառոյթներու իրականացման համար լիազօրուած անձերու իրաւունքներու, օրինական շահերու պաշտպանութեան եւ արժանավայել կենսամակարդակի ապահովում,
-պետական ծառայողներու համակարգի բարոյական եւ կարգապահական ձեւաչափերու ամրագրում,
-հասարակական վերահսկողութեան համար գործուն պայմաններու եւ ձեւերու ապահովում,
— քաղաքացիներու եկամուտներու յայտարարագրման ձեւերու կատարելագործում,
-օրէնքներով ամրագրուող սահմանափակումներու եւ պատասխանատուութեան մեծացման կիրառմամբ առեւտուրի եւ քաղաքականութեան տարանջատման իրաւակարգաւորումներու հետեւողական զարգացում,
-ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան գործուն մասնակցութեամբ ստեղծել փտածութեան դէմ պայքարի անկախ մարմին:
Քարոզարշաւի 13-րդ օրը եզրափակուած է համերգային ծրագիրով. հաթերքցիներու համար ելոյթ ունեցած են «Մենք Ենք Մեր Սարերը» երգի-պարի պետական համոյթը եւ սիրուած երգիչ Մկրտիչ Մկրտչեան: