Չեխիոյ խորհրդարանի ապահովութեան յանձնաժողովի անդամ Ռատիք Քոթին «Աուրաք» խորհրդարանական կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ նախագահ Թայիպ Էրտողանի վարած քաղաքականութիւնը ինքնիշխան երկրի մը դէմ թշնամանք է, որովհետեւ ան իրաւունք չունի յարձակելու այլ երկրի վրայ:
Ան աւելցնելով ըսաւ, որ Թուրքիոյ նախագահը տարածաշրջանի եւ Եւրոպայի խաղաղութեան կը սպառնայ, մանաւանդ երբ կը շարունակէ Եւրոպան ընդվզեցնել գաղթականներու հարցով, որպէսզի ան ֆինանսաւորէ Սուրիոյ նկատմամբ իր թշնամական գործընթացը:
Միւս կողմէ, Չեխիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ զօրավար Անտուր քննադատեց Եւրոպայի երկդիմի քաղաքականութիւնը, դիտել տալով որ ան տեսնելով Թուրքիոյ ապօրինի ընթացքը Սուրիոյ մէջ կը շարունակէ լուռ մնալ: