25 Մարտին ՀՅԴ թեկնածուները նախընտրական հանդիպումներ ունեցած են Մարտունիի շրջանի Սօս, Մաճկալաշէն, Ասկերանի շրջանի Այգեստան, Իւանեան համայնքներուն եւ Մարտակերտ քաղաքի բնակիչներուն հետ:
Նկատի առնելով պսակաձեւ ժահրի տարածման վտանգը, ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն հանդիպումները տեղի ունեցած են բացօթեայ եւ կարելի եղածին չափ կարճ ժամկէտով: