«Ապառաժ».- Փտածութեան եւ հովանաւորչութեան դէմ համապարփակ պայքարի կազմակերպումը ՀՅԴ-ի կողմէն մշտապէս դիտարկուած է որպէս իրական ժողովրդավարութեան, երկրի կայուն զարգացման, քաղաքացիական հասարակութեան հաստատման, ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան, օրէնքի գերակայութեան հաստատման հիմնական գրաւականներէն մէկը:
Փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը, հովանաւորչութիւնը կը խանգարեն բարիքներու, հանրային հարստութեան արդարացի բաշխումը: Աղքատութեան վերացման հիմնական միջոցներէն մէկը փտածութեան դէմ պայքարն է: Փտածութիւնը կը սպառնայ ոչ միայն տնտեսական բարեփոխումներուն, ներդրումներու իրականացման, այլեւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման եւ երկրի ներքին կայունութեան: Ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, իրաւական, բարոյական հիմնախնդիր է:
Փտածութեան կանխարգիլումը կ’ենթադրէ համալիր նախաձեռնութիւններու իրականացում հետեւեալ ուղղութիւններով`
— փտածութեան դէմ պայքարի հայեցակարգի ընդունում գիտական, տնտեսական, հասարակական ու քաղաքական հիմնաւորումներով,
— պետական գործառոյթներու իրականացման համար լիազօրուած անձերու իրաւունքներու, օրինական շահերու պաշտպանութեան եւ արժանավայել կենսամակարդակի ապահովում,
— պետական ծառայողներու համակարգէն ներս բարոյական եւ կարգապահական ձեւաչափերու ամրագրում,
— հասարակական վերահսկողութեան համար գործուն պայմաններու եւ չափանիշներու ապահովում,
— քաղաքացիներու եկամուտներու յայտարարագրման չափանիշներու կատարելագործում,
— օրէնքներով ամրագրուող սահմանափակումներու եւ պատասխանատուութիւնը մեծցնելու կիրառումով առեւտուրի եւ քաղաքականութեան տարանջատման իրաւակարգաւորումներու հետեւողական զարգացում,
— ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան գործուն մասնակցութեամբ ստեղծել փտածութեան դէմ պայքարի անկախ մարմին: