«Ապառաժ».- Արցախի Հանրապետութեան մշակութային քաղաքականութեան հիմնական նպատակն է պահպանել եւ զարգացնել ազգային մշակոյթը, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութիւններ ձեռնարկել հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող յոռի եւ ապազգային երեւոյթներու վերացման ուղղութեամբ:
ՀՅԴ-ն վերոյիշեալ ասպարէզէն ներս կարեւոր կը համարէ հետեւեալ սկզբունքները`
— ապահովել մշակութային ծառայութիւններու հաւասար հասանելիութիւն բնակչութեան բոլոր խաւերուն համար եւ տարածքային հաւասարաչափ ներգրաւուածութիւն,
-ապահովել քաղաքացիներուն` մշակութային ինքնադրսեւորման լիակատար կարելիութիւն,
— պայքար հակազգային բարքերուն դէմ` հիմնական նպատակ ունենալով հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերածնունդի գործընթացը,
— համայնքներէն ներս մշակութային կեանքի աշխուժացում` մշակոյթի տուն-դպրոց համագործակցութեան խրախուսումով, ինչպէս նաեւ` արուեստի դպրոցներու մասնաճիւղերու բացում գիւղերու մէջ,
— պետական օժանդակութիւն ստեղծագործական խմբերուն,
— արտերկրի մէջ Արցախի մշակութային կեանքի ներկայացում,
— Սփիւռքի հետ կապերու ամրապնդում, արտերկրի մէջ գործող ՀՅԴ կառոյցներու ներուժի օգտագործում, նոր յարաբերութիւններու հաստատում միջազգային մշակութային կազմակերպութիւններուն հետ,
-պատմաճարտարապետական յուշարձաններու վերանորոգման ծրագիրներուն տնտեսական օգնութեան ցուցաբերում,
— հնագիտական ուսումնասիրութիւններու ընդլայնում: