«Ապառաժ».-Արցախը հայ ժողովուրդի միասնութեան գաղափարական եւ առարկայական առանցքն է: ԱՀ-ը, մեկնելով համայն հայութեան ամբողջականութեան գաղափարի գիտակցումէն, ազգային շահերը ներկայացնողի իր իւրայատուկ գործօնով կարեւոր դերակատարութիւն ունի հայութեան համախմբման եւ հայապահպանման մէջ:
Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք բազմակողմանի կապերու ամրապնդումն ու զարգացումը պէտք է հիմնուած ըլլան փոխշահաւէտ գործակցութեան վրայ, որ կ’ենթադրէ հետեւեալ մօտեցումները`
— Հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու միջեւ համազգային փոխըմբռնման, փոխվստահութեան, միասնութեան եւ համախմբուածութեան մթնոլորտի ապահովում,
— Համահայկական քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական խորհրդաժողովներու, համաժողովներու, հաւաքներու, ինչպէս նաեւ այլ բնոյթի նախաձեռնութիւններու կազմակերպում ԱՀ-ի մէջ, իսկ ՀՀ-ի եւ արտերկրի մէջ տեղի ունեցող նման նախաձեռնութիւններուն` Արցախի մասնակցութեան ապահովում,
— ԱՀ, ՀՀ եւ Սփիւռքի միջեւ երկարաժամկէտ գործակցութեան ծրագիրներու մշակում եւ իրականացում,
— Համահայկական տեղեկատուական դաշտի ձեւաւորում եւ բազմակողմանի գործակցութեան ծաւալում, — Սփիւռքի ներուժի՝ գիտական, մասնագիտական եւ տնտեսական մասնակցութեան ապահովում ԱՀ ընկերային-տնտեսական հիմնահարցերու լուծման գործին մէջ: