Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան 1 Ապրիլին տեղ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հրապարակեց 31 Մարտին իրականացած Արցախի համապետական ընտրութիւններուն արդիւնքը: Անոր համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան 5 քաղաքական ուժեր` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ կուսակցութիւններու դաշինքը, Միասնական Հայրենիք կուսակցութիւնը, Արցախի Արդարութիւն կուսակցութիւնը եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը: Ըստ Արզումանեանի, կուսակցութիւններու պարագային խորհրդարան մուտք կը գործեն 5 տոկոսի շեմը յաղթահարած քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւններու դաշինքի պարագային` 7 տոկոսի շեմը յաղթահարողը: Այսպիսով` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան 5 քաղաքական խմբաւորումներ: Ան ներկայացուց իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ստացած ձայները` թուային եւ տոկոսային ցուցանիշերով. Ազգային Վերածնունդ կուսակցութիւն` 2360 քուէ, 3,2 տոկոս, Միասնական Հայրենիք կուսակցութիւն` 17.365 քուէ, 23,63 տոկոս, Անկախութեան Սերունդ կուսակցութիւն` 656 քուէ, 0,9 տոկոս, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւն` 4717 քուէ, 6,4 տոկոս, Արցախի Յեղափոխական կուսակցութիւն` 1660 քուէ, 2,26 տոկոս, Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ կուսակցութիւններու դաշինք` 29.688 քուէ, 40,4 տոկոս, Արցախի Արդարութիւն կուսակցութիւն` 5865 քուէ, 7,9 տոկոս, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն` 4269 քուէ, 5,81 տոկոս, Միացեալ Հայաստան կուսակցութիւն` 958 քուէ, 1,3 տոկոս, Արցախի Պահպանողական կուսակցութիւն` 2108 քուէ, 2,87 տոկոս, Լեռնային Ղարաբաղի Կոմունիստական կուսակցութիւն` 480 քուէ, 0,65 տոկոս, Նոր Արցախ կուսակցութիւններու դաշինք` 3305 քուէ, 4,5 տոկոս: Անվաւեր նկատուեցաւ 2418 քուէաթերթիկ կամ ընդհանուր թիւին 2,3 տոկոսը: Սրբուհի Արզումանեան տեղեկացուց, որ 31 Մարտին կայացած Արցախի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը 14 Ապրիլին տեղի պիտի ունենայ, որովհետեւ թեկնածուներէն ոչ մէկը յաղթահարած է քուէներուն 50 տոկոս + 1 սահմանը: Անոր համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններուն ընտրողներու ընդհանուր թիւը կազմած է 104.348, իսկ քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը` 76.728 է: Նախագահի ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներուն 73,5 տոկոսը, անվաւեր քուէաթերթիկները 2625 էին: Թեկնածուներէն Վիթալի Բալասանեան հաւաքած է 10.755 ձայն կամ 14,7 տոկոս, Մասիս Մայիլեան` 19.360 ձայն կամ 26,4 տոկոս, Արայիկ Յարութիւնեան` 36.076 ձայն կամ 49,26 տոկոս, Դաւիթ Իշխանեան` 1.873 ձայն կամ 2,56 տոկոս: Նախագահական միւս թեկնածուներուն ստացած քուէներուն պատկերը հետեւեալն է. Բալայեան Քրիստինէ` 202 քուէ կամ 0,3 տոկոս, Ամիրեան Սերգէյ` 106 կամ 0,2 տոկոս, Բաբայեան Դաւիթ` 587 կամ 0,8 տոկոս, Լալայեան Բելլա` 162 կամ 0,2 տոկոս, Խանումեան Հայկ` 962 կամ 1,3 տոկոս, Բադասեան Վահան` 743 կամ 1 տոկոս, Ղուլեան Աշոտ` 1683 կամ 2,3 տոկոս, Իսրայէլեան Ռուսլան` 368 կամ 0,5 տոկոս, Դադայեան Աշոտ` 198 կամ 0,3 տոկոս, Պօղոսեան Մելսիկ` 141 կամ 0,2 տոկոս: Անվաւեր նկատուած է 2625 քուէաթերթիկ կամ ընդհանուր թիւին 3,5 տոկոսը: