Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:

Նախագահին ուղեկցած են հայկական բանակի նախկին ժամկէտային զինուորական ծառայողներ` Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի աշխատակիցներ Գոռ Դարմանեան եւ Լիպարիտ Մելքոնեանն, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակից Արկատի Անդրէասեան:

Զինուած ուժերու մէջ իրենց ծառայութեան ընթացքին անոնք ի յայտ եկած են իրենց մարտական բարձր պատրաստականութեամբ եւ նուիրումով, վիրաւորուելով մարտական գործողութիւններու ընթացքին: Անոնք աշխատանքի  ընդունուած են «Հայրենիքի պաշտպան» նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է օժանդակել զինուորական ծառայութեան ընթացքին հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներուն, անոնց ապահովելով աշխատանքով:

Նախագահ Սարգսեան եւ անոր ուղեկցող հայրենիքի պաշտպանները ծաղիկներ զետեղած են 2016-ին ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու շիրիմներուն եւ յարգանքի տուրք մատուցած են անոնց յիշատակին: