Նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 3 Մայիս 2020-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Մարտ ամսուայ մէջ Իտլիպ նահանգի մարտերուն նահատակուած հալէպահայ Էլի Կրպոյեանի Քառասունքին առիթով, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց նահատակին ծնողքն ու հարազատները, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս:
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու մխիթարութիւնը փոխանցելով նահատակի ծնողքին եւ ընտանեկան պարագաներուն, մեծարեց Էլիին նահատակութիւնը եւ անոր ընդմէջէն բոլոր նահատակները, որոնք յանուն սուրիական հայրենիքի ազատութեան իրենց կեանքերը նուիրաբերեցին: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ որպէս սուրիահայեր երախտապարտ ենք սուրիական հայրենիքին եւ նահատակութեան գնով պատրաստ ենք մեր կեանքը զոհաբերելու այն հայրենիքին, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար դարձաւ ապաստան եւ երկրորդ հայրենիք:
Մասիս Եպիսկոպոս խրախուսեց եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց նահատակի ընտանիքին, հաստատելով, որ նման հանդիպումներով շարունակ պիտի յիշենք մեր նահատակները եւ անոնց յիշատակը վառ պիտի պահենք մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ: