ՄԱՐԻԱՄԻ ԾՆՈՂՆԵՐԸ
Մարիամի հայրը՝ Յովակիմ մեծահարուստ եւ հաւատացեալ մարդ մըն էր, որ միշտ բազմաթիւ նուէրներ կ’ընծայէր տաճարին, որպէսզի իր մեղքերը ներուէին: Օր մը, երբ Հրէական սովորութեան համաձայն Յովակիմ իր ուխտը կը մատուցէր Աստուծոյ տան մէջ, տաճարին քահանայապետը կը մօտենայ անոր ու կ’ըսէ. «Դուն իրաւունք չունիս նուիրատուութիւն ընելու, որովհետեւ զաւակ չունիս» (Աւետարան ըստ Յակոբոսի 1. 5): Հոս ըսել ուզուածը այն է, որ Յովակիմի կինը Աննա ամուլ էր, ուստի զաւակ չէր կրնար պարգեւել անոր: Քահանայապետը այսպէս ըսաւ անոր, որովհետեւ սերունդի շարունակականութիւնը կենսական էր Իսրայէլի ժողովուրդին համար, ինչպէս նաեւ այդ ժամանակ հրէական ընկերութեան մէջ ամլութիւնը աստուածային պատիժ կը նկատուէր: Բայց շատ մը պարագաներու Աստուած վերջ կը դնէր այս ամլութեան, ինչպէս ըրաւ Աբրահամին կնոջ՝ Սառային պարագային (Ծնն. 18.1-15):
Յովակիմ, քահանայապետին ըսածէն ետք, կ’որոշէ անապատ երթալ եւ քառասուն օր ծոմ պահել, որովհետեւ Հին ուխտի ժամանակաշրջանին, քառասուն թիւը  կը խորհրդանշէր սպասման շրջան մը, որմէ ետք անպայման նորութիւն մը պիտի գար: Այս միջոցին, Աննա իր յոյսը կը կտրէ, որովհետեւ ան կը մտածէ, թէ ամլութեան կողքին այրի ալ պիտի դառնար, եթէ ամուսինը յանկարծ ինքզինք սպանէր: Աստուած Աննային աղաչանքը լսելով պատգամաբեր հրեշտակ մը կը ղրկէ, որ գալով կ’աւետէ անոր թէ մօտ ատենէն զաւակ մը պիտի ունենայ: Ան կը շարունակէ ըսելով, թէ իր զաւակը «աշխարհով մէկ» նշանաւոր պիտի ըլլայ: Այս մէկը լսելով, Աննա կը խոստանայ իր զաւակը նուիրել Աստուծոյ ծառայութեան: Լուրը անապատ գտնուող Յովակիմին կը հասնի ուրիշ հրեշտակի մը կողմէ: Յաջորդ օրը ան մեծ ուրախութեամբ Տաճարին կ’ընծայէ գառներ, ուլեր ու կովեր:
(Շար. 2)
Շանթ Կիս. Սրկ. Գատէհճեան
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
Պիքֆայա, Լիբանան