Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ի առաւօտուն, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը: Յընթացս Ս. Պատարագին տեղի ունեցաւ Հայաստանի դրօշի օրհնութիւն: