Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը դիմատետրի իր էջի ուղիղ սփռումով յայտնեց, որ ինք եւ իր ընտանիքը վարակուած են պսակաձեւ ժահրով. անոնց քննութեան արդիւնքը դրական եղած է:
«Երէկ պարզուած է, որ պսակաձեւ ժահրի քննութիւնը դրական է, կ’ուզեմ ըսել, որ որեւէ ախտանշան չեմ ունեցած: Առաջնագիծ մեկնելու ծրագիր կար, որոշեցի քննութեան ենթարկուիլ, եւ ադիւնքը դրական էր, որմէ ետք քննուեցաւ նաեւ ամբողջ ընտանիքս` բոլորս վարակուած ենք պսակաձեւ ժահրով: Մենք չունինք որեւէ ախտանշան, վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ամէն օր աշխատանքի ներկայանալու ընթացքին, ինչպէս կարգը կը պահանջէր, ջերմութիւնս ստուգուած է. բարձր ջերմութիւն չեմ ունեցած», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:
Խօսելով վարակուելու մասին, Հայաստանի վարչապետը կ՛ըսէ, թէ ակնյայտ է, որ ընտանիքին անդամները վարակուած են իրմէ: Ան կռահած է, թէ ինչպէ՛ս վարակուած է:
«Վարակուած եմ աշխատանքային խորհրդակցութիւններէն մէկուն ընթացքին: Դէպք մը արձանագրուած է, որ տպաւորած է զիս: Խորհրդակցութիւններու ընթացքին կը դրուին ջուրի բաժակներ, եւ ես օր մը արձանագրեցի, որ այդ բաժակները կը դրուին առանց ձեռնոցի: Տեղւոյն վրայ նկատողութիւն ըրի եւ առաջարկեցի փոխել, բայց կ’ենթադրեմ, որ ատկէ առաջ ալ նոյնը եղած է, եւ այդ մատուցողին մօտ նոյնպէս հաստատուած է պսակաձեւ ժահրը», յայտնած է վարչապետը:
Հակահամաճարակային կանոններու պահպանումը փաստօրէն չէ օգնած իրենց, բայց վարչապետը համոզուած է, որ առնուազն կառավարութեան մէջ իրմէ մարդ չէ վարակուած կամ քիչ մարդ վարակուած է:
«Պիտի շարունակեմ աշխատիլ` վարչապետի կեցութեան վայրը: Ունիմ կապ հաստատելու բոլոր միջոցները, բոլոր անհրաժեշտ պայմանները եւ աշխատասենեակ: Որքան պէտք ըլլայ պիտի աշխատիմ այստեղէն, վստահաբար մեկուսացած պայմաններու մէջ: Մեր ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը կը մնան նոյնը, մենք պէտք է սորվինք ապրիլ պսակաձեւ ժահրին հետ: Բոլորիս համար նոյն վիճակն է` չունինք ջերմութիւն եւ ախտանշաններ, բայց պէտք է հետեւինք, որովհետեւ կրնան այդ ախտանշանները որեւէ պահու ի յայտ գալ: Մեր մտահոգութիւնը այն է, որ վարակած չըլլանք մեր մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը», աւելցուցած է վարչապետ Փաշինեան` յորդորելով քաղաքացիները միշտ դնչակապ կրել, ինչպէս նաեւ պարբերաբար հականեխել ձեռքերը: