Հայերէնը աշխարհի ամենահին լեզուներէն մէկն է։ Կազմուած ըլլալով Քրիստոսի ծնունդէն շուրջ 2500 տարի առաջ, մեր մայրենի լեզուն մեր ժողովուրդի գոյութեան ու հոգեկան կեանքի զէնքը եղած է միշտ։
Հայ Գիրերու Գիւտէն՝ 405-էն ի վեր, հայերէնը գրաւոր աւանդուող լեզու է։
Գրաւոր հայերէնը 1600 տարուան պատմութիւն ունի։ Քանի որ լեզուները մշտական փոփոխութիւն կը կրէն, ուրեմն բնական է որ 5-րդ դարէն ի վեր փոխուած է նաեւ հայերէնը՝ իր գրաւոր ու բանաւոր արտայայտութեանց մէջ։ Գիտական ուսումնասիրութիւնները հաստատած են, որ հայերէնը կը պատկանի հնդեւրոպական լեզուաընտանիքին եւ կը կազմէ առանձին ճիւղ, այսինքն՝ հայերէնին նմանող լեզու, հայերէն հասկցող ու խօսող այլ ազգեր գոյութիւն չունին։ Հայերէնը մայր նախալեզուէն զատուեր ու դարձեր է ինքնուրոյն լեզու Ք.ա. 3-րդ հազարամեակին, այսինքն՝ հայերէնը 4-5 հազար տարուան պատմութիւն ունի։ Իր ծագումէն սկսեալ գրաբարին զուգընթաց եղած են նաեւ տեղական բարբառներ։ Տարբեր լեզուաբաններու ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, հայերէնը ունի 50-60 բարբառ։ Հայերէն լեզուի աւանդումը կ’ընդգրկէ հետեւեալ բաժինները՝ հնչիւնաբանութիւն, բառագիտութիւն, ուղղագրութիւն եւ ուղղախօսութիւն։
Սիրել մայրենի լեզուն քիչ է. պէտք է ջանալ ճանչնալ անոր ամբողջ հարստութիւնը, պէտք է ճիշդ եւ գեղեցիկ խօսիլ ու գրել։ Ինչպէս որ Խաչատուր Աբովեան կ’ըսէ. «Տասը լեզու սորվեցէ՛ք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատը ղայիմ բռնեցէ՛ք»։
Մարինա Պետրոսեան