6 Յուլիսին ՀՀ կառավարութեան կայքին մէջ հրապարակուած է ՀՀ վարչապետի որոշումը, որով էական փոփոխութիւններ մտած են վարչապետի աշխատակազմի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կանոնադրութեան մէջ:
Փոփոխութիւնները կը վերաբերին գրասենեակի նպատակներուն, հարցերուն, գործառոյթներուն եւ կառուցուածքին: Առաջին մասին մէջ անոնք մեծաւ մասամբ խմբագրական բնոյթ կը կրեն, իսկ կառուցուածքին մէջ էական փոփոխութիւններ կատարուած են:
Յատկապէս դադրած է Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան, Ամերիկայի հայ համայնքներու վարչութեան, ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան, Մերձաւոր սփիւռքի հետ կապերու վարչութեան, հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան, համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան գործունէութիւնը:
Ստեղծուած է օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու եւ ռազմավարութիւններու մշակման վարչութիւն, իսկ սփիւռքի ներուժի հաշուառման եւ տեղեկատուական վերլուծութիւններու վարչութիւնը եւ սփիւռքի մէջ տեղեկատուական ռազմավարութեան մշակման եւ իրականացման վարչութիւնը միաձուլուած են, հետեւաբար սփիւռքի ներուժի քարտէզագրման եւ ներգրաւման վարչութիւն ստեղծուած է:
Համահայկական ծրագիրներու վարչութիւնը անուանափոխուած է ծրագիրներու իրականացման եւ մշտադիտարկման վարչութեան:
Սսփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը ներկայիս ունի մասնագիտական-կառուցուածքային հետեւեալ ստորաբաժանումները․
1.Սփիւռքի ներուժի քարտէզագրման եւ ներգրաւման վարչութիւն
2.Ծրագիրներու իրականացման եւ մշտադիտարկման վարչութիւն
3.Օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուի եւ ռազմավարութիւններու մշակման վարչութիւն:
Վերոգրեալին առիթով, կ’ընդգծենք հետեւեալ շեշտադրումները․
1.Վարչապետի կողմէն սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կանոնադրութիւնը հաստատուած է 1 Յունիս 2019-ի թուականի որոշումով: Աւելի քան քան մէկ տարի է յանձնակատարի գրասենեակը գործած է ներկայ իշխանութիւններու կողմէն այդքան քննադատուող նախկին սփիւռքի նախարարութեան ճիշդ նոյն կառուցուածքով: Հարց յառաջացած է, սփիւռքի նախարարութեան, իշխանութիւններու տեսակէտով` անարդիւնաւէտ գործունէութեան պայմաններուն մէջ, ինչու՞ անոր կառուցուածքը մէկ տարիէն աւելի պահպանուած է , երբ նման որոշման կայացումը բաւական կարճ ժամանակ ենթադրող վարչական աշխատանք է: Սա կրնայ խօսիլ ոլորտին մէջ առկայ համակարգուածութեան եւ հետեւողական աշխատանքի բացակայութեան մասին:
2.Թէեւ գովելի է այն փաստը, որ ինչպէս նախկին, նոյնպէս ալ ներկայ կարգաւորումներով կարեւոր համարուած է սփիւռքի համայնքային կեանքի զարգացման, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ համահայկական հարցերու լուծման գործին մէջ համահայկական կառոյցներու դերակատարութեան բարձրացումը, այնուամենայնիւ խիստ տարակուսելի է, որ յանձակատարի գրասենեակի կանոնադրական փոփոխութիւնները պատշաճ ձեւով չեն քննարկուած սփիւռքեան տարաբնոյթ կազմակերպութիւններուն հետ: Իշխանութիւններու այս գործելաոճը կրնայ գրասենեակի կանոնադրական նպատակներու իրագործումը վտանգել, որովհետեւ անոնք նախ եւ առաջ կ’ենթադրեն գործընկերային յարաբերութիւններ ու սահուն փոխգործակցութիւն սփիւռքեան եւ կամ համահայկական կազմակերպութիւններուն հետ:
3.Խիստ կասկածելի է նաեւ, որ արդեօ՞ք մասնագիտական-կառուցուածքային ընդամէնը երեք ստորաբաժանումները կրնան արդիւնաւէտօրէն սպասարկել գրասենեակին առջեւ դրուած նպատակները, գործառոյթներն ու հարցերը: Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, որ ինչպէս որեւէ սփիւռք, հայկական սփիւռքը եւս միատարր չէ: Հայկական սփիւռքի համայնքները իրարմէ տարբեր են, տարբեր են նաեւ հասարակական, ընկերային-տնտեսական եւ քաղաքակրթական տարածքները, ուր անոնք ձեւաւորուած են եւ կը գործեն: Տարբեր են համայնքներու քաղաքականացուածութեան մակարդակները, համայնքային կազմակերպութիւններու գործելաոճը, եւ վերջապէս, ընդունող երկիրներու` ցեղային համայնքներու քաղաքականութիւնները: Այս առումով տարածաշրջանային կտրուածքով կառուցուածքի վերացումը խիստ անարդիւնաւէտ քայլ է:
Միաժամանակ, անկախ հայրենական իշխանութեան բնոյթէն եւ սփիւռքին վերաբերող քաղաքական շեշտադրումներէն` Հ Յ Դաշնակցութիւնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը, որ ամբողջ աշխարհին մէջ պիտի շարունակէ իր հայապահպանման քաղաքականութիւնն ու հայկական իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութիւնը, իսկ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններուն մէջ` պիտի շարունակէ հայրենադարձութեան աջակցիլ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի արտաքին քաղաքականութեան,
սփիւռքի եւ հայրենադարձութեան հարցերու մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբ