Թռչնազգիի յատուկ վախկոտութիւնը յաղթահարած, ճնճղուկը մեր խոհանոցի պատուհանին մօտենալով լուացքի մետաղաթելին վրայ օրօրուեցաւ, ցատկեց պատուհանի դուրս ցցուած քարին ու թեթեւ կտցահարեց ապակին ճըւճըւալով:

Յիշեցում էր, ամէնօրեայ կերը խնդրող թէ պահանջող, իսկ կերակրող բարի ձեռքը չկար այլեւս…

Մայրս՝ ամէն առաւօտ մեր հացէն թաղի թռչնիկներուն յատուկ բաժին հանելով՝ բուռ-բուռ կտորտանք-փշրանքները կը նետէր այս պատուհանէն, յետոյ կը դիտէր ինքնագոհ ու երջանիկ Աստուածաշնչեան մէջբերումը չմոռնալով:

«Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողովեն, բայց ձեր երկնաւոր հայրը կը կերակրէ զանոնք»: (Մաթէոս 6:26)

– Դիտէ ինչպէս կը հաւաքուին… տե՛ս, տե՛ս իրար կտուցէ կը խլեն.- կը հրճուէր:

Որքան ալ առատ ըլլայ կերը, խլելու վարմունքը այս փոքրիկ թռչնիկներուն մօտ ալ կը գործէ ապրելու, գոյատեւելու բնութեան թելադրանքով:

– Ուրեմն մենք ալ չաշխատինք Աստուած կը կերակրէ.- կը փորձառկեմ մօրս հաւատքը:

Ան իր կանաչ հայեացքը կը յառէ վրաս, քիչ մը յանդիմանական, քիչ մը համոզելու ջանքով խոստովանելով.-

– Ամէն անգամ որ կը նետեմ հացի այս կտորտանքները կը խնդրեմ… «Ո՜վ Տէր, դուն ալ մեզ մի մոռնար»… ու փառք Աստուծոյ, Ան մեզ կը հովանաւորէ:

Թռչնիկը փոքրիկ թեւիկները թափահարեց ու իջաւ գետին: Պատուհանի գոգին նկատեցի հացի կտորտանքներու ծրարը, բուռ մը շաղ տուի, չես գիտեր ուրկէ խումբով հասան թաղի թռչնիկները ու սկսաւ խրախճանքը:

– Հոգեհաց է, մա՛մ, տես անոնք իրար կտուցէ կը խլեն… աղօթէ, որ Տէրը մեզ ալ չմոռնայ:

Մայրս այլեւս պատասխան չունի…

 

– Անուշի՛կ, անուշիկս…- կը շոյեմ մօրս դէմքը:

Ինքնագոհ, ամչկոտ կը փայլին կանաչ աչուկները:

– Անուշիկութի՞ւն մնաց, ճահիլ ատեն պիտի տեսնէիր, մէկ նայողը երկրորդ անգամ կը դառնար, մազերս մինչեւ մէջքս…

– Անոր համար հայրս քեզ ընտրեց:

– Է՜հ…

Փայլուն կանաչ շողը կը մթագնի, յոգնած հայեացքը կը նետէ հեռուն: Կեանքի մը պատմութիւնն է:

Շատ կարճ տեւող երջանիկ մանկութեան յաջորդող տեղահանութիւն, գաղթական ընտանիք, հօր կորուստ, անխոնջ աշխատող մայր, մատղաշ տարիքի ամուսնութիւն, անծանօթ, աւանդական ընտանիք, նոր մթնոլորտ, զաւակներ, պատասխանատուութիւն… յետոյ, յետոյ քաղաքացիական պատերազմի որպէս արդիւնք սահմանագծի վրայ պայթումներու ու զարկերու տակ ապրուած մէկ ու կէս տարի, դիպուկահարի փամփուշտ, «քաղցրիկ» տան կորուստ, տեղափոխութիւն:

– Հոս շատ ուրախ եմ, միայն զաւակներուս, թոռներուս կարօտը..

Ամէն անգամ խղճի խայթը գլուխ կը բարձրացնէ, ես էի խթանը հայրենիք փոխադրուելու որոշումին, զինք պոկողը իր հարազատներէն, միջավայրէն, բայց…

Սփիւռքեան իր սերունդի յատուկ հայրենասիրութեամբ՝ մօրս համար «Հայաստանը դրախտավայր» էր ու կը մնար:

 

Ամէն ինչ շատ արագ ընթացաւ, չէ, երազ չէր, իրականութիւն էր, ցաւոտ, հոգի կրծող իրականութիւն:

Տարրալուծարանի արդիւնքները տեսնելով մեր տան բարեկամ բժիշկը թելադրեց անմիջապէս մայրս հիւանդանոց փոխադրել:

Տաք, շատ տաք ափերով թեւէս կախուած, զարմացած ու անճրկած մայրս հետազօտութենէ-հետազօտութիւն քալեց, չհասկնալով թէ ինչ կար, ինչո՞ւ  կը կատարուէր այս բոլորը:

Իրիկուան արդէն յստակ էր որոշումը, ներքին ճամբայ ստեղծել լեղիի հոսքը ապահովելու «սդանտ» կոչուած խողովակի միջոցաւ:

– Իմացէք տարիքով կին է, վախենալու բան չկայ, բայց կարելի է որ ձեր մայրիկը…

Ցնցուեցայ, նստարանին վրայ ծուարած սպասեցի ապրելով կեանքիս ամենաերկար թուող ժամը: Մայրիկս արթնցաւ ու աթոռակին վրայ նստած յաղթական դուրս եկաւ գործողութեան բաժինէն:

Սակայն ոչ ոք հասկցաւ թէ գիտութեան նուաճում հանդիսացող այդ «սդանտ»ը ինչո՞ւ միայն մէկ օր պիտի գործէր ու թոյնը պիտի տարածուէր այնքան աշխոյժ մօրս մարմնին մէջ:

– Ինչո՞ւ տուն չենք երթար, նորէն սերոմ, նորէն արիւն պիտի առնեն.- կանաչին հետ դեղինը կը խաղայ անոր յոգնած նայուածքին մէջ:

Հեռախօսը կ’երկարեմ, կը դիտէ պաստառին վրայ հարսիկ թոռնուհիին սահող նկարները, ժպիտը կը գծագրուի ու պահ մը նայուածքը իր անուշ երանգը կը վերագտնէ:

– Ինչ անուշիկ հարս եղեր է, Աստուած երջանիկ օրեր պարգեւէ.. չըսէք որ հիւանդանոցն եմ.- միշտ փափկանկատ, միշտ ուշադիր իր դերին մէջ է:

Դող ու տաքութիւն, կը բռնեմ ձեռքերը, երբեմնի տաք ափերը սառած են, կը շփեմ թեւերը ու կը սարսռամ:

«Մահուան սառնութիւնն է»:

– Վերակենդանացման բաժին պիտի փոխադրենք վիճակը լուրջ է.- կը թելադրէ բժիշկը:

Մօրս շուարած ու անօգնական նայուածքը կը փարի դրան, սենեակը ամայացած է, ակնապիշ կը դիտեմ սպիտակ պատին վրայ տիրամօր նկարն է ու խաչը խնդրելով միայն «բժշկութիւն»: Մինչ դեղինն է, որ կը տարածուի ժայթքող լաւայի նման ողողելով մօրս մարմինը: Ես կ’ատեմ դեղին գոյնը:

Ննջեցեալներու հսկայատարած բնակավայրին մէջ մօրս գերեզմանափոսն է:

 

Յիշեա՛ յաւուր մեծի գալստեանդ արքայութեան քոյ:
Արա արժանի ողորմութեան, քաւութեան եւ թողութեան մեղաց:

Դասաւորեալ պայծառացո ընդ սուրբս քո յաջակողման դասուն:
Զի դու ես Տէր եւ արարիչ ամենեցուն, դատաւոր կենդանեաց եւ մեռելոց

Եւ քեզ վայել են փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից:

Ամէն:

Մօրս դագաղը սահած է փոսին մէջ, հող ու քար կը լեցնեն վրան, անորոշ, արցունքոտ նայուածքս կը բարձրացնեմ, արեւի շողերը կը փայլփլին, դէմը հորիզոնին վրայ Արարատը սէգ ու խրոխտ բազմած է ու կը հովանաւորէ այս աշխարհը:

– Չըլլա՞յ մաման քորոնայէն մահացաւ.- հեռաձայնի միւս կողմէն լախտի հարուածի նման հարցումը կը հնչէ:

Չեմ հասկնար այս օրերուն մարդիկ ինչու կը ցանկան այդ անիծեալ ժահրը պանծացնել:

– Չէ, ինչ քորոնա, լեղապարկը…- ան պատասխանս չամբողջացած կը շարունակէ:

– Ինչ դժուար եղաւ օտար երկրի մէջ.- նստած օտար-սառնամանիք հողի վրայ իր ափսոսանքը կը թափէ գլխուս:

– Մայրս հայրենիքի մէջ թաղուեցաւ, Արարատին դիմաց, հոս օտար հող չէ մեր հայրենիքն է.- կը հասցնեմ պատասխանը, բայց եւ չեմ ուզեր շարունակել, յարգելով մօրս յիշատակը, որ հաշտարարի իր դերով քաջ գիտեմ պիտի հարթէր տարակարծութիւնները:

Մօրս հոգեհացը աւարտած է, ճնճղուկները կուշտ ու երջանիկ դիմացի ծառին վրայ կը վերսկսին իրենց համերգը:

Քնքոյշ զեփիւռը կը շոյէ մազերս:

– Թռչուններուն հաց տալու չմոռնաս.- մօրս փսփսուքն է ու կանաչ, այնքան բարի ժպիտը…

Լռելեան կը խոստանամ ամէն առաւօտ մեր հացէն բաժին հանել թաղի ճնճղուկներուն:

Զգոյշ կը փակեմ պատուհանը, տան մէջ փակելով մօրս անգին յիշատակները, աղոթքները, օրհնութիւնը:

«Յիշատակդ ԱՆԹԱՌԱՄ, մա՛մ»:

 

Պերճուհի Աւետեան

6/7/2020 Երեւան