Բրիտանիա կոչ ուղղեց` դադրեցնելու հայ-ազրպէյճանական սահմանին զինադադարի դրութեան խախտումները: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարարութեան բանբերը այս գծով յայտարարութիւն հրապարակեց:

«Բրիտանիա մեծապէս մտահոգ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանին զինադադարի դրութեան վերջին խախտումներով եւ մեծապէս կը ցաւի մարդկային զոհերուն համար: Մենք կոչ կ՛ուղղենք երկու կողմերուն` պահպանելու զինադադարի դրութիւնը եւ երկխօսութեան մէջ մտնելու` իրավիճակը հանդարտեցնելու եւ յաւելեալ զոհերէ խուսափելու համար», նշեց բանբերը:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց կողմերուն` զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ ձեռնպահ մնալու հռետորաբանութենէն, որ կրնայ աւելի սրել լարուածութիւնը:

«Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը բանակցային գործընթացին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աջակցութեամբ, որ ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ապահովման: Շարունակուող բռնութիւնը կը սպառնայ շրջանային կայունութեան եւ բարգաւաճման, նաեւ կ՛ընդգծէ պաշտօնական բանակցութիւններու վերսկսման հրատապ անհրաժեշտութիւնը», նշեց նախարարութեան բանբերը: