Հայկական զինեալ ուժերը Տաւուշի մէջ նոր դիրք գրաւած են՝ չէզոքացնելով այդ շրջանին ատրպէյճանական կողմին աւելի մեծ յենակէտի հաղորդակցութեան ճամբաները: Այդ դիրքն ու յենակէտը կը սպառնային հայկական քանի մը գիւղի:
Աւելի ուշ, փորձագէտ, Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի նախկին խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջով գրած էր, որ ատրպէյճանական կողմը, բացի մարդկային կորուստներէն, ունեցած է նաեւ անօդաչու թռչող սարքի եւ դիրքային կորուստ: