12 Յուլիսէն սկսեալ հայ-ատրպէյճանական սահմանի Տաւուշի շրջանին մէջ իրավիճակը սրած է։ Ատրպէյճանցի զինուորներ ՈՒԱԶ մակնիշի ինքնաշարժով Տաւուշի ուղղութեամբ ՀՀ պետական սահմանը խախտելու փորձ կատարած են, բայց հայկական կողմի նախազգուշացումէն ետք, լքելով ինքնաշարժը, վերադարձած են իրենց դիրքերը: Աւելի ուշ անոնք կրկնած են հայկական սահմանային դիրքը գրաւելու փորձը` կիրառելով հրետանային կրակ, սակայն ճնշուած են հայկական կողմէն եւ կորուստներ տալով՝ հեռացած։ Թշնամին 13 Յուլիսէն թիրախաւորած է նաեւ բնակավայրեր, իսկ 14 Յուլիսի գիշերը Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական դիրքերէն դիտարկուած է թշնամիի հրասայլի շարժ, որ հայկական կողմէն արձակուած կրակով կասեցուած է: Թշնամին թիրախ դարձուցած է հայկական բնակավայրերը, յատկապէս` Տաւուշի Չինարի, Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Պառաւաքար համայնքները, նաեւ` Բերդ քաղաքը, հոն գտնուող երկու գործարաններ: Կան նիւթական վնասներ: Տարածելով Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն իրականացուցած գիշերային պատժիչ գործողութիւններուն տեսանիւթը` ՀՀ ՊՆ խօսնակ Արծրուն Յովհաննէսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «13 Յուլիսը կը մտնէ պատմութեան մէջ իբրեւ հայկական արտադրութեան մարտական անօդաչու թռչող սարքերու մարտական կիրարկութեան օր: Առաջին անգամ հայկական մարտական անօդաչու թռչող սարքերը կիրարկուեցան պատերազմի ընթացքին` մարտական պայմաններու մէջ եւ փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին: Կարծես անոնց հարուածին զոհ դարձած են բարձրաստիճան զինուորականներ»:
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի «Elbit Hermes 900» անօդաչու թռչող սարքի խոցման տեսանիւթը։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարար Քարիմ Վելիեւ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, 14 Յուլիսին, յայտնեց, որ սահմանային բախումներու ընթացքին ատրպէյճանական բանակը շարք մը կորուստներ ունեցած է, յատկապէս նշելով աւագ գնդապետ Փոլատ Հաշիմովի եւ գնդապետ Իլկար Միրզայեւի մասին: Վելիեւ դիտել տուաւ, որ սպանուած են նաեւ գնդապետներ Նամիգ Ահմետովը, Անար Նովրուզովը, ենթասպայ Իլկար Զէյնալլին, ենթասպայ Եաշար Պապայեւը, շարքային Էլչին Մուսթաֆզատէն: Այս լուրը հաղորդեց նաեւ «Ռիփորթ.ազ» կայքը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ թշնամիին արձակած կրակոցներէն նահատակուած են հազարապետ Գարուշ Համբարձումեանը, քափիթեն Սօս Էլբակեանը, զինուորական ծառայողներ, տասնապետներ Սմբատ Գաբրիէլեանն ու Գրիշա Մաթեւոսեանը: Յուլիս 15-ին մինչեւ կէսօր իրավիճակը համեմատաբար խաղաղ էր։ Սոյն օրուան տուեալներով՝ ատրպէյճանական կողմը ունի 12 կորուստ, իսկ հայկական կողմը` 4 նահատակ եւ 20 վիրաւոր։