Նորա Արիսեան ծնած է Դամասկոս։ 1988-ին, Դամասկոսի համալսարանի բանասիրութեան ֆրանսերէնի գրականութեան բաժինէն վկայուած է։ 2001-ին աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկը պատմութեան մասնագիտութեամբ` տիրանալով պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանին։ 1992-2006-ին աշխատած է Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: 2006-2009-ին Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն եղած է, 2005-էն դասախօս է Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ։ 2010-2013-ին աշխատակցած է Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան հետ՝ իբրեւ թարգմանիչ եւ խորհրդատու: Անդամ է Արաբ Գրողներու Միութեան ։
Նորա Արիսեան նկատառելի գիտահետազօտական աշխատանք տարած է Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով, ինչ որ հիմք ծառայած է Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացքին։ Հեղինակ է հայերէն եւ արաբերէն հինգ գիրքերու, հայերէնէ արաբերէնի թարգմանած է տասը գիրքեր, ստորագրած է տասնեակ յօդուածներ արաբական եւ հայկական մամուլին մէջ։ Խմբագիրն է Aztag Arabic կայքին։
31 Յունուար 2019-ին սուրիական վարժարաններու պատմութեան դասագիրքերու վերամշակման համար տեղի ունեցած յատուկ սեմինարին, Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր ելոյթէն եւ առաջարկէն ետք, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան «Ուսումնական ծրագիրներու վերամշակման ազգային կեդրոն»ը համաձայն գտնուած է պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ներառնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Արիսեանի ներկայացուցած հատուածը:

Նորա Արիսեան Սուրիոյ նախկին խորհրդարանի Արտաքին հարցերու եւ Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովներու անդամ էր, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիա- Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ:
2019-ին մաս կազմած է Սուրիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու ընդլայնուած յանձնախումբին։
Նորա Արիսեան պարգեւատրուած է ստորեւ նշուած մետալ-շքանշաններով:
• 2006-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Վահան Թէքէեան» շքանշանով:
• 2011-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:
• 2012-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
• Արիսեան արժանացած է նաեւ պետական պարտուոյ գիրերու եւ գնահատագիրներու։