Ուրիշ բան է, երբ Գամառ Քաթիպան իր ռազմաշունչ երգերն է երգում։ 
Այստեղ է երեւան գալիս նրա ամբողջ ուժը
 եւ վիթխարի հսկայի նման ծառանում մեր առաջ։
Յ. Թումանեան
Նախապէս խօսեցանք գրողի մը այժմէականութեան մասին։ Կրկին անդրադառնալով այս հարցին՝ ամէնէն պարզ բանաձեւով կրնանք ըսել, որ գրող մը արդիական է այնքան ժամանակ, քանի դեռ անոր ստեղծագործութիւնը կը խօսի հետագայ սերունդներու միտքերուն ու սիրտերուն։ Եթէ առնենք Ռափայէլ Պատկանեանի ստեղծագործութեան գաղափարական հիմնական ուղղուածութիւնը, ապա ան ըսելիք ունի նաեւ այսօրուան հայ սերունդին։ Զարթօնքի շրջանի գրագէտներուն համար ընդհանրապէս, նոյնպէս Պատկանեանի ստեղծագործութեան ծանրակշիռ գաղափարը հայրենիքին ազատութիւնը եւ ազգին ճակատագիրն է։
Առհասարակ հայրենիքի նիւթը գրագէտի սեղանին կը դրուի, երբ ազգը յուզող կամ երկրի անվտանգութեան սպառնացող վիճակներ կը ծագին։ Խաղաղ ու բարգաւաճ հայրենիք երգելը սակաւադէպ է եւ այդ բնական է, բանաստեղծները ներշնչուելիք շատ նիւթեր կրնան ունենալ։ Եթէ այսօր մեր հայրենիքն ու ազգը կատարելապէս ապահով ու բարեկեցիկ ըլլային, թերեւս Պատկանեան մնար միայն գրականութեան պատմութեան էջերուն մէջ։ Մինչդեռ այսօր ալ մենք ունինք կենսական գոյապայքար, իսկ աշխարհի մեծերուն քաղաքականութիւնը, Պատկանեանի օրերուն համեմատ, առաւել վատ է։ Հետեւաբար՝ անոր ազգային քնարը այսօր ալ մեզի ե՛ւ ոգեշնչելու, ե՛ւ թելադրելու դեր ունի։
Պատկանեանի ազգային քնարը ծայրայեղ սկզբունքայնութեամբ կը գովերգէ միայն այն անձերը կամ երեւոյթները, որոնք կը ծառայեն հայրենիքի ազատագրութեան գործին, ու սաստիկ, անզիջում ծաղրի ու քննադատութեան կ’ենթարկուին բոլոր անոնք, որոնք հեռու են ազգային մտահոգութիւններէ։ Այս իմաստով յատկանշական են հեգնական եղանակով գրուած «Հայ եւ Հայութիւն», «Հայի Վիշտը», «Հայերուս Բաղձանքը», «Ազգասէր» ու յատկապէս՝ «Հայերուս Թուքը» քերթուածները։ Վերջինը արուեստի կատարելութեամբ չի փայլիր, բայց ընթերցողին տակաւին հրճուանք կը պատճառէ, երբ հեղինակը իւրաքանչիւր համարի վերջին տողերով տարբեր ասպարէզներու մէջ հայու հասած իւրաքանչիւր առաւելութիւն կը մերժէ ամենակրքոտ ձեւով.
Բայց թէ փողէդ շահ չունի Հայաստան, 
Թքել ենք քու ալ, փողիդ ալ վրան։ 
Նոյն ձեւով կը թքնէ հայու ունեցած թուրին, գրիչին, միտքին, ձեռքի շնորհքին, լեզուին վրայ, եթէ անոնք չեն ծառայեցուիր Հայաստանին։ Իսկ վերջին համարին մէջ իր բացարձակ կարծիքն է.
Կու տամ քեզ պատիւ, կ’ունենաս դու յարգ
Ու կը դնեմ քեզ ազնիւ մարդոց կարգ,
Երբ օրօրանէդ մինչեւ գերեզման, 
Միակ ձգտմունքդ լինի Հայաստան։ 
Ի վերջոյ կան ժամանակներ, երբ ընդունելի ու պարկեշտ է միայն բացարձակը՝ այս կամ այն կողմ ըլլալը եւ ոչ՝ գաղջ միջինը, ինչ եւ կը մերժէ հեղինակը։
Նոյն ոգիով՝«Մեծ» քերթուածին մէջ հայրը այլ ասպարէզներու մէջ իր զաւկին ունեցած յաջողութիւնները առ ոչինչ կը համարէ ու զայն «մեծ» կը կոչէ միայն այն ատեն, երբ ան՝
Ճիգ արաւ, գլուխը վտանգի ձգեց…
Ազատեց եղբօրը ու տունը կանգնեց…
Նկատի ունի Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը։ Իզուր չէ որ Պատկանեանը, Րաֆֆիին հետ միասին, կը կոչենք հայ յեղափոխութեան շեփորահար ու հնոցապան։ Անոնց երեւակայութեամբ ստեղծած հերոսները օրինակ դարձան բազմաթիւ արեւելահայ երիտասարդներու համար՝ զէնք առած մեկնիլ Երկիր ու կեանքը դնել Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան ի խնդիր։
Որեւէ սերունդ կարիքը ունի այդ ոգիով դաստիարակուելու, նոյնիսկ եթէ հայրենիքը վտանգուած չէ։ Հայրենասիրութիւնը միայն պատերազմի դաշտի մէջ չէ որ կը բացայայտուի։ Սակայն այսօր ալ մեր երկիրը կը շարունակէ շրջափակուած մնալ հայ տարրը ընդհանրապէս աշխարհէն վերացնել երազող ու քարոզող ազգերով։ Հետեւաբար մեզի հայրենասիրութիւն անհրաժեշտ է ոչ միայն իբրեւ քաղաքակրթուած մարդու յատկանիշ, այլ հարկաւոր է ռազմահայրենասիրութիւն, որպէս մեր փրկութեան միակ միջոց։ Եթէ Հայաստանի մէջ անցեալ դարու 60-70-ականներու սերունդի բանաստեղծները՝ Շիրազ, Սեւակ, Կապուտիկեան, Սահեան, Դաւթեան եւ ուրիշներ հայրենիքի նիւթը չկարեւորէին (սովետական արգելքներու առկայութեամբ), հազիւ թէ մենք ունենայինք Արցախը ազատագրող մտաւորական տղոց սերունդը։
***
Պատկանեանի ստեղծագործութիւնը շարքեր չունի, սակայն իր բազմազան ստեղծագործութեան պսակը կազմող հայրենիքի նիւթին հիմնական ենթաճիւղեր են՝ հայ գեղջուկի դառն կեանքը, ազատագրական պայքարի կոչը, հայոց ճակատագիրն ու Եւրոպայի վերաբերմունքը Հայկական Հարցին, ծաղրը անտարբեր ու եսամոլ հայ մեծահարուստներու եւ քաղքենիներու հանդէպ։ Իզուր չէ որ ան իր բանաստեղծութիւններու հատորը կոչած էր «Ազատ Երգեր»։
Եթէ փորձենք ինքներս տարիքային կարգի դնել Պատկանեանին հերոսները, կրնանք սկսիլ օրօրոցէն։ Անոր դաստիարկութեան առաջին քայլերը ուղղուած են օրօրոցի մանկան յետոյ նաեւ՝ պատանիին ու երիտասարդին։ Ունի մանկան քուն բերելու օրօրոցայիններ, ինչպէս նշանաւոր «Քուն Եղիր Պալաս»ը՝ Բարսեղ Կանաչեանի հրաշալի երաժշտութեամբ։ Բայց Պատկանեանի օրօրոցայինները այլ նպատակ կը հետապնդեն։ Անոնք զարթնումի կոչող երգեր են, որոնցմով հայ մայրերը իրենց մանուկը օրօրոցէն կը պատրաստեն ազատութեան պայքարի։
Անկրկնելի մեր հերոսը՝ Գարեգին Նժդեհ կ’երազէր. «Ունենանք առիւծածին մայրեր, որոնց արիական որդիները աւելորդ դարձնէին Հայաստանը պաշտպանող արուեստական ամրութիւնները»։
Այս երազանքը ունէր նաեւ Ռափայէլ Պատկանեան, որ շեշտուած է յատկապէս օրօրոցայիններու մէջ։ Նոյն երազանքը ունէր Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Զէյթունի 1860-ականներու ապստամբութեան օրերուն։ Անոր «Մահ Քաջորդւոյն» քերթուածին հերոսը, արդէն մահամերձ, դիմելով վշտահար մօրը՝ կը սփոփէ զայն.
«Նորեկ որդւոյս կենացն արեւ ձեզի համար փայլի, Հայե՛ր», 
Այսպէս յանժամ դուն կ’երգէիր՝ օրօրոցիս նստեալ քովեր։ 
Անոնց համար շիջաւ, ու դուն 
Ուրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն։ 
Այս մէկը պատմական մեր մաքառումներու մէջ հայ կնոջ մասնակցութիւնը նսեմացնել չէ, այլ բանաստեղծները, գնահատելով մօր վճռորոշ դերը՝ տուեալ պայմաններու մէջ ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտ ուղին կը մատնանշէին։
«Օրօրոցի Երգ Գիւղացի Այրի Կնոջ»* անարուեստ քերթուածին մէջ հայուհին տակաւին վրէժի կոչ չ’ըներ, այլ մանկան կը յորդորէ մեծնալ ու իր հայրը սպանած եզիտիէն ետ առնել իրենց եզները։ «Աղասու Մօր Երգը», ձօնուած Խ. Աբովեանին, արդէն աւելի ընդհանրական, ազգային մտահոգութիւն կը կրէ։ Մայրը քնաբեր երգ չ’երգեր, ան՝ «Զարթի՛ր, մանուկ իմ նազելի»ով կ’օրօրէ տղան, կեանքի դառն իրականութեան դէմ կը բանայ անոր աչքերը, թուր կը կապէ անոր գօտիին ու կը մղէ փրկութեան կռիւի.
…Հայ եղբայրներ, քիչ էլ կացէք, իմ Աղասին զարթեցաւ,
Գօտին կապեց, թուրը կախեց ու իր նժոյգ ձին նստաւ։
«Վանեցի Մօր Երգը» գրուած է 1877-ի ռուս-թրքական պատերազմի միջոցին, երբ Պալքանեան երկիրները ազատագրական պայքար կը մղէին Օսմանեան կայսրութեան դէմ եւ շուտով՝ 1878-ի Պերլինի վեհաժողովով ստացան իրենց անկախութիւնը։ Հայ գրողներու եւ մտաւորականութեան մէջ մեծ յոյսեր արթնցան՝ կապուած ռուսերու օգնութեամբ «Երկիրը» ազատագրելուն։ Հայ կեանքէն ներս ալ ազատագրական պայքարը նոր թափ կ’առնէր։ Վանեցի հայ մայրը որդւոյն կը յիշեցնէ, թէ «Հազար ազգաց ազատութիւն ծագեցաւ», եւ ժամանակն է մեր ալ զարթնումին.
Տո՛ւր սիրական, քակեմ ձեռքիդ պալուլները, արձակեմ
Եւ այդ թուլիկ աջիդ մէջը մի պողպատէ սուր դնեմ.
Ստրուկ գնա՛ արեան դաշտը, վերադարձիր ազատուա՛ծ…
Ի վերջոյ, Պատկանեանի օրօրոցայիններէն, իբրեւ մարտական երգ, այսօր ալ կ’երգուի հանրայայտ «Օրօրոցի Երգը»՝ «Արի, Իմ Սոխակ»ը[1], ուր մանուկը կարծես ինք մօրմէն ռազմի երգ կ’ուզէ լսել, ու կարծես այդ ոգին արդէն անոր բուն էութիւնն է.
…Բազէն որ եկաւ՝ որդիս լռեցաւ, 
Ռազմի երգերի ձայնով քնացաւ։
Արդէն գրեթէ 150 տարի առաջ գրուած այս քերթուածները երբ կ’ընթերցէի՝ հեռատեսիլէն հայ բարձրաստիճան սպայի մը ելոյթը լսեցի ու կրկին անդրադարձայ, թէ որքա՛ն կարեւոր են նման ոգեղէն խօսքերը նաեւ այսօրուան համար։ Ան կ’ըսէր, թէ մենք երբեք յարձակողական չենք, այլ միայն յետ կը մղենք ազերիներու յարձակումները։ Սակայն այլեւս պէտք է որ փոխենք մեր ռազմավարութիւնը, կ’առաջարկէր ան։ Ու կրկին փաստեցի, թէ Պատկանեան «քաղաքացի բանաստեղծ» է, նաեւ այսօր, իր պատգամը այժմէական է այսօր եւս, քանի որ չէ փոխուած թշնամիին բնոյթը։ Ահա «Վանեցի Գեղջուկի Տաղը»՝գրուած դարձեալ 1877-ին.
Բա՛ւ է գութան[2], մեր տանջանքը, համբերութիւնն վերջ ունի. 
Դուն տեսա՞ր, որ մեր տուշմանը ամօթ, խելք ու գութ չունի։
Արի՛ փշրեմ ես քու խոփը[3], տանք դարբինին կռելու, 
Կռենք կոփենք սուր ու սուսեր՝ տուշմանի դէմ կռուելու։ 
Լալա Միսկարեան-Մինասեան
___________________________________________
1-Կարծիք կայ, թէ այս քերթուածը կը պատկանի Գաբրիէլ Պատկանեանին (Ռափայէլին հայրը)։
2-Հողագործական գործիք
3-Գութանի երկաթեայ առաջամասը, որ կը հերկէ հողը։