«Ալիք Մեդիա» կայքի լրագրող Նորայր Գասպարեան` Facebook- ի իր էջով յայտնած է, որ ատրպէյճանցիները` վրացական Սադախլօ գիւղին մէջ ծեծի ենթարկած են հայ երիտասարդ մը:
«Ատրպէյճանցիները ծեծած են երիտասարդ հայու մը Սադախլօ քաղաքին մէջ եւ դիմած են փախուստի: Դէպքը տեղի ունեցած է տարածքային ոստիկանութեան մօտակայքը: Հիմա կը սպասեմ Ներքին Գործոց Նախարարութեան արձագանգին», իր գրառման մէջ մանրամասնած է լրագրողը:
Անոր գրառումին համաձայն, կան արտաքին ուժեր, որոնք կը փորձեն ապակայունացնել իրավիճակը: