2 Օգոստոսին Երեւանի ժամանակով ժամը 21:00-ին տեղի ունեցաւ «Ամբողջական Հայաստան եւ Արդար Հատուցումներ» խորագիրով բաց քննարկում` նուիրուած Սեւրի պայմանագիրի հարիւրամեակին:
Քննարկումը կազմակերպած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը:
Քննարկումին կը մասնակցէին
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, իրաւաբան, Քուեպեքի փաստաբաններու պալատի անդամ, Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի իրաւագիտութեան հիմնարկի տեքան Կարին Յովսէփեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ուսանողական յանձնախումբի անդամ Ցօղիկ Աշըքեան, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաւայի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պէլեան(զրուցավար):
Առցանց քննարկումին մանրամասնութիւնները` տեսանիւթով