«Արմէնփրէս».- Այսուհետեւ «Հայաստանը Սէր Է», «Հանգստացիր Հայաստանի մէջ», «Visit Armenia», «Armenia Love» հեշթեկներով Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային վայրերէն լուսանկարներ համացանցի վրայ պիտի տեղադրուի յաճախ: Արշաւի նախաձեռնողը ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանն է, նպատակը` ներկայացնել հայկական մշակոյթը, զբօսաշրջային վայրերը, հոգեւոր արժէքները, սնունդն ու աւանդոյթները: Արշաւի առաջին կեդրոնը Արցախն է: Ընտրուած է վեց վայր, որոնք կը ներկայացնեն Արցախի պատմութիւնը, հոգեւոր, պատմամշակութային հարուստ ժառանգութիւնն ու բնութեան հրաշալիքները:
Աննա Յակոբեանին մամուլի խօսնակը Յասմիկ Յարութիւնեան կը յայտնէ, որ նկարահանումներու ընթացքին նոր գաղափարներ յառաջացած են եւ Արցախը անգամ մը եւս կը ներկայացնեն` նոր գոյներով ու վայրերով:
«Շատ խորհրդանշական է, որ արշաւը սկսի Արցախով, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայու համար «Ազատ Արցախ» հասկացութիւնը ոգեշնչում եւ ուժ կու տայ: Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ որեւէ գործ, որ կը նախաձեռնես Արցախի մէջ` դատապարտուած է յաղթանակի: Արշաւի մեկնարկին համար ընտրուած է վեց վայր` պայմանով, որ կրկին պիտի վերադառնանք Արցախ եւ ներկայացնենք Արցախի իւրայատուկ շունչն ու ուժը», ըսաւ Յասմիկ Յարութիւնեան` դիտել տալով, որ առաջին հերթին ներկայացուած է Արցախի Դադիվանք վանական համալիրը, Զուար գիւղի մէջ գտնուող «Տաք ջուր» զբօսաշրջավայրը, Տիգրանակերտի թանգարան, «Հունոտի Կիրճ» բնապատմական արգելոցը, Շուշիի Գորգերու թանգարանն ու Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը: