«Ազդակ».-Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2020-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին, «Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին»ը Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեց իր երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին ճշդեց յառաջիկայ փուլի աշխատանքներուն բնոյթն ու ընթացքը:
Ներկայացուցչական հանգամանքով, նշեալ մարմինի աշխատանքներուն կը մասնակցին.
– Հայ Առաքելական համայնքէն` Գառնիկ Մկրտիչեան
– Հայ Կաթողիկէ համայնքէն` Արամ Գարատաղլեան
– Հայ Աւետարանական համայնքէն` Ներսէս Պաղտոյեան
– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն` Յակոբ Հաւաթեան
– Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութենէն` Վանիկ Տաքեսեան
– Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն` Վազգէն Ժամկոչեան
– Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն` Սիլվա Լիպարեան
– Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչէն` Նազելի Աւագեան
– Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութենէն` Արամ Մալեան
Ժողովական կարգով, մարմինը շեշտեց, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ճշդած առաջնահերթութեան կարգով, լիբանանահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ նախապատուութիւն պիտի տրուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով աւերակուած բնակարաններու, խանութներու եւ կառոյցներու վերականգնումին, որ պիտի իրականացուի մասնագէտներու հսկողութեամբ: Մարմինը նաեւ պիտի հսկէ, որ լիբանանահայութեան համար եղած նպաստները իր խողովակով ստանձնուին եւ հաւասարապէս բաժնուին մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն:
Այս առիթով ճշդուեցաւ, որ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի շէնքին մէջ մարմինի աշխատանքներուն համար յատկացուած է մասնաւոր գրասենեակ եւ տրամադրուած 76-401700 թիւով բջիջային հեռաձայն:
Մարմինի ե-նամակի հասցէն է leb.arm.rehabilitation@gmail.com, իսկ ֆէյսպուքի էջը` www.facebook.com/LebArmRehCom:
Յայտնենք, որ մարմինը իր անդրանիկ նիստին դիւանը կազմելով, ատենապետ ընտրած է Գառնիկ Մկրտիչեանը, ատենադպիր Նազելի Աւագեանը, իսկ հաշուապահ` Արամ Մալեանը:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ