«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 24 Օգոստոսին Ստեփանակերտի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) յիշատակին` ծաղիկներ զետեղելով հերոսի անունը յաւերժացնող պուրակին մէջ տեղադրուած յուշարձանի պատուանդանին:
Աշոտ Ղուլեանի հրամանատարութեամբ` առաջին վաշտը մասնակցած է բազմաթիւ ռազմական գործողութիւններու, որուն հետեւանքով ազատագրուած են հակառակորդի տիրապետութեան տակ գտնուող տասնեակ հայկական բնակավայրեր: Ան զոհուած է 24 Օգոստոս 1992-ին Մարտակերտի շրջանի Դրմպոն գիւղի ազատագրութեան ընթացքին: