Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրի ընդունման օրը` 23 Օգոստոսին, ազատամարտիկ, Պռոշեանի կամաւորական ջոկատի հիմնադիրներէն, նոյն գիւղի երկարամեայ ղեկավար, «Մարտական Խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանանշանակիր, ՀՅԴ անդամ Հրաչ Մուրատեանի ծննդեան օրն է նաեւ: Ան պիտի դառնար 57 տարեկան: 2013 թ. զազրելի ոճրագործութենէն ետք, զաւակները, ընտանիքի անդամները, հարազատները, մարտական-կուսակցական ընկերներն ու համագիւղացիները հերոս հայորդիի ծննդեան տարեդարձը 7-րդ անգամ ըլլալով նշեցին Պռոշեանի Ազատամարտի պանթէոնէն ներս:

Բացի ՀՅԴ Պռոշեանի Կոմիտէութեան անդամներէն, նուիրեալ դաշնակցականի ծննդեան առիթով պանթէոն այցելած էին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ազատամարտիկներու յանձնախումբի պատասխանատու Արտաշէս Մխիթարեան եւ այլք:
ՀՅԴ Պռոշեանի կոմիտէութեան անդամ, ՀՅԴ Պռոշեանի «Դրօ Կանայան» կեդրոնի կազմակերպչական պատասխանատու Վարդան Առուշանեան Yerkir.am-ի հետ զրոյցին փաստեց, որ ինչպէս «Դրօ Կանայան» կեդրոնէն ներս, նոյնպէս ալ գիւղի այլ հաստատութիւններէն ներս նախաձեռնուող բազմաթիւ ձեռնարկներու շնորհիւ նորօրեայ սերունդին մէջ մշտապէս վառ կը պահեն Պռոշեան գիւղի հերոսներու, ինչպէս նաեւ Հրաչ Մուրատեանի մշտավառ յիշատակը:
Յիշեցնենք` 2 Ապրիլի 2013-ին, օր ցերեկով, անհասկնալի ու տարօրինակ պայմաններու մէջ իր հայրենի գիւղի աշխատավայրին առջեւ սպանուեցաւ Պռոշեանի գիւղապետ, Արցախեան գոյապայքարի ողջ ընթացքին կեանքը հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրած ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեան: Մինչեւ օրս նողկալի ոճրագործութիւնը բացայայտուած չէ, եւ ոչ ոք անոր համար առայժմ չէ պատժուած:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան սոյն թուականի 2 Ապրիլին, ազատամարտիկի սպանութեան տարելիցի օրը Yerkir.am-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած էր, որ մէկ տարի առաջ նոյն օրը Գլխաւոր դատախազութեան շէնքին դիմաց կազմակերպուած բողոքի ցոյցէն եւ ՀՀ գլխաւոր դատախազին հետ հանդիպումէն անմիջապէս վերջ գործի քննութիւնը, որ մինչ այդ կասեցուած էր, վերսկսեցաւ:

Վ. Սարգսեան