«Արմէնփրէս».- Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան երկիրներու ԳՐՔԱՐՈՒԵՍՏ մրցոյթի արդիւնքը յայտարարուած է 20 Օգոստոսին: Ամէնամեայ մրցոյթը այս տարի տեղի ունեցած էր Մինսքի մէջ` հեռավար դրութեամբ, մասնակցութեամբ ԱՊՀ-ի վեց երկիրներու: Մասնակից երկիրները` Հայաստանը, Պելառուսը, Ռուսիան, Խազախստանը, Տաճկիստանը, Խրխզիստանը ներկայացուցած էին գիրքեր, որոնք մրցած էին տասը անուանակարգով: Հայաստանը ներկայացուած էր չորս անուանակարգի մէջ` համապատասխան չորս գիրքով: Չորս գիրքերն ալ մրցանակային տեղերու արժանացած են:
Ժիւրիի միաձայն քուէարկութեամբ ամենապատուաւոր ԿՐԱՆ ՓՐԻ անուանակարգով յաղթող ճանչցուած է «Նահապետ» հրատարակչութեան կողմէն ներկայացուած Սեն Յովհաննիսեանի «Հայաստանի Աթլաս /Atlas of Armenia» գիրքը , որ յատուկ մրցանակ ստացած է նաեւ «Գիտութիւն եւ Կրթութիւն» անուանակարգով:
«Այս տարուան մրցոյթին սա միակ գիրքն էր, որ յաղթող ճանչցուեցաւ միաժամանակ երկու անուանակարգերով: Դատական կազմը բարձր գնահատեց թէ՛ գիրքին բարձր որակը, թէ՛ աշխարհագրական լիարժէք ժամանակագրութիւնը, թէ՛ մշակութային արժէքը, եւ թէ այն մեծ աշխատանքը, որ տարուած է գիրքին պատրաստութեան համար: Դատական կազմը հիացուցած են յատկապէս գիրքին` Հայաստանը կենդանի կերպով ներկայացնող նկարներն ու նկարազարդումները, որոնք կատարուած են հեղինակին կողմէն: Մեծ գնահատանքի արժանացած է նաեւ քարտէսներուն քսան քարտէսագէտներու կողմէն մշակուած ըլլալը», յայտնած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի Գրականութեան հանրահռչակման բաժինի վարիչ, մրցոյթի հայաստանեան ներկայացուցիչ Մարգարիտ Ասլանեան, որ նաեւ դատական կազմին անդամ էր:
Մրցոյթին ներկայացուած միւս երեք գիրքերը տարբեր անուանակարգերով արժանացած են երկրորդ պատուաւոր տեղին:
Մրցանակներու պաշտօնական շնորհումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի «Գիրքի Տօնավաճառ» ամէնամեայ փառատօնին` Սեպտեմբերին: