ՍԱՆԱ,Մոսկուա.- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Մոսկուայի արուարձաններէն մէկուն մէջ Միջազգային Զինուորական Ճարտարագիտական Ֆորումի «Արմիա-2020-ի» բացման արարողութեան առիթով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շուէյկոյի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան վճռակամ է շարունակելու Սուրիոյ ժողովուրդին ուղղուած մարդասիրական օժանդակութիւնը, շեշտելով, որ այս գործընթացը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։
Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարդասիրական օժանդակութեան հեզասահ գործընթացքին մէջ Ռուսիոյ ունեցած դերակատարութեան համար։
Յիշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախորդ տարիներուն իր մարդասիրական օժանդակութիւններով զօրավիգ կանգնեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին, որպէսզի ան յաղթահարէ պատերազմին ծանր հետեւանքները։