Շամի երկիրներու Գիտնականներու Միութիւնը, Սուրիական Արաբական Կարմիր Մահիկ Կազմակերպութիւնն ու աշխարհի ուղղափառ սուրիանի եկեղեցին եւ շարք մը իրաւաբաններ խստիւ դատապարտեցին թրքական ուժերուն կողմէ Հասիչէի ջուրի կասեցումը, կոչ ուղղելով աշխարհի բոլոր պետութիւններուն, յատկապէս ՄԱԿ-ին,վերջ դնելու այս անմարդկային ընթացքին եւ անմիջապէս լուծում գտնելու հարցին:
Այս առիթով նշեալ կազմակերպութիւնները հանդէս եկան հաղորդագրութեամբ, յայտնելով որ. «Հասիչէն ջրազուրկ պահելու միակ նպատակն է մահ տարածել եւ Հասիչէի մէջ կեանքը կասեցնել: Նման արարք զարմանալի չէ Սուրիոյ ժողոուրդին համար, որոհետեւ ան որ 7 միլիոն բնակիչ ջրազուրկ պահեց Դամասկոսի մէջ, հիմա ալ Հասիչէի մէջ մէկ միլիոն բնակիչ ջրազուրկ կը պահէ»:
Յիշենք, որ Հասիչէի բնակիչները 20 օրէ ի վեր ջուրի տագնապէ կը տառապին, որովհետեւ թրքական ուժերը Ալլուք ջրամատակարարման կայանի Հասիչէ հասնող ջրամուղերը կասեցուցած եւ ժողովուրդը ըմպելի ջուրէ զրկած են: