«Արմէնփրէս».- Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովը, նախագահ Եղիշէ Կիրակոսեանի գլխաւորութեամբ, 22 Օգոստոսին գումարած է իր հերթական նիստը:
Յանձնաժողովը, կազմակերպչական բնոյթի հարցերէն բացի, քննարկած է նաեւ բարձրագոյն դատական ատեաններու միացումին հարցը` յատկապէս Գերագոյն դատարանի ստեղծման երկու հայեցակարգերը` մշակուած Արդարադատութեան Նախարարութեան եւ Յանձնաժողովի իրաւաբան գիտնականներու կողմէն: Յանձնաժողովին մէջ նախապէս շրջանառուած հայեցակարգերու ընդհանուր դրոյթները ներկայացուցած են ՀՀ արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պատասեան եւ իրաւաբան-գիտնականներ Արմէն Մազմանեանն ու Լեւոն Գէորգեան:
Հայեցակարգերու մասին Յանձնաժողովի անդամները ներկայացուցած են իրենց փաստարկներն ու հակափաստարկները, այնուհետեւ կազմակերպուած է քուէարկութիւն երկու հարցերու շուրջ` որոշելու համար, թէ ի՛նչ պիտի ներառուի հանրային քննարկումի ներկայացուող հայեցակարգի նախնական տարբերակին մէջ: Հարցերէն առաջինը, որուն կողմ քուէարկած է նիստին մասնակցող 15 անդամներէն եօթն` առնչուած է սահմանադրական արդարադատութեան համակարգի գործող բնորդը զարգացնելուն, իսկ երկրորդ հարցը սահմանադրական վերահսոկողութիւնը ապակեդրոնացնելուն եւ բարձրագոյն դատական ատեանները միաւորելուն․նախարարութեան եւ իրաւաբան գիտնականներու այս մօտեցումին կողմ քուէարկած են յանձնաժողովի ութը անդամներ:
Ամփոփելով նիստը` որոշուած է Գերագոյն դատարան ստեղծելու հայեցակարգը ներառել յառաջիկային հանրային քննարկումի ներկացուող Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգէն ներս: