Շաբաթ, 22 Օգոատոս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական միջազգային դիւանագիտական ջանքերուն շնորհիւ եւ թրքական ուժերուն վրայ բանեցուած միջազգային ճնշումին հետեւանքով, 10 օր ջուրի անջատումէն ետք, Հասիչէի ջուր հասցնող Ալլուք ջրամատակարարման կայանին ելեկտրականութիւնը միացուած է, սակայն ջրամուղերը ցարդ չեն աշխատիր, հետեւաբար մինչեւ վայրկեանս ջուրը հասանելի չէ Հասիչէի բնակչութեան։
Հասիչէի մէջ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Ալլուք կայանի 30 ջրհորերէն ինն միայն ելեկտրականութեամբ օժտուած է, սակայն ելելտրականութիւնը ջրամուղերուն ցարդ չէ միացուած։ Ջրամուղերուն բանեցումէն 12 ժամ ետք միայն ջուրը կը հասնի Հասիչէ։
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին համաձայն, ջրամատակարարման կայանի պաշտօնէութեան կայան մուտք գործելով եւ աշխատանքներուն հետեւելով միայն կարելի է երաշխաւորել Ալլուք ջրամատակարարման կայանին անխաբան բանեցումը, որովհետեւ թրքական ուժեր քանիցս դադրեցուցած են ջուրին հոսքը եւ խաղաքարտի վերածած զայն, վտանգի ենթարկելով Հասիչէ նահանգի մէկ միլիոն բնակչութեան կեանքը։