Երկուշաբթի, 24 Օգոստոս 2020-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց թրքական ուժերուն Հասիչէի մէկ միլիոն բնակիչները ջրազուրկ պահելը, զայն համայն մարդկութեան դէմ ոճիր համարելով։
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ թրքական վարչակարգը ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ ջուրը որպէս զէնք օգտագործեց բնակիչներուն դէմ՝ քաղաքական շահեր ձեռքբերելու նպատակով եւ խախտելով միջազգային բոլոր օրէնքները, ներառեալ պատերազմի ընթացքին քաղաքայիններու իրավիճակին առնչուող Ժընեւի համաձայնագիրը։
Նախարարութիւնը եզրափակելով ի հաղորդագրութիւնը խօսքը ուղղեց բոլոր այդ կողմերուն, որոնք մտահոգ կը ձեւանան Հասիչէի քաղաքայիններուն իրավիճակով եւ նախազգուշացուց ջուրի անջատումի աղէտալի հետեւանքներէն, շեշտելով, որ ջուրի անջատումը որպէս զէնք օգտագործելը լրջօրէն կը սպառնայ բնակչութեան կեանքին։