«Ապառաժ».-24 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի Հերոս», «Մարտական Խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր ու ՀՅԴ գաղափարի նուիրեալ Աշոտ Ղուլեանի (Բեկորի) յիշատակի օրն է: Հերոսին նահատակութեան տարելիցին առիթով, անոր անունը կրող պուրակին մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի արարողութիւն: Ձեռնարկին ներկայ եղած են Բեկորի այրին` Նելլի Ղուլեան, որդիները, հարազատներ, Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ` ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ ԿԿ նախագահ Արթուր Մոսիեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեան, Արցախի Ազատամարտիկներու Միութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեան, կուսակցական ու մարտական ընկերներ, դպրոցականներ, զինուորականներ: Ներկաները նախ ծաղիկներ զետեղած են Ա. Ղուլեանի յուշակոթողի պատուանդանին ու յարգանքի տուրք մատուցած անոր յիշատակին:
ԱՀ ՌԵՍԶ Նախարարութեան ռազմահայրենասիրական ձեռնարկներու համակարգման բաժինի պետ Դաւիթ Օհանջանեան անդրադարձած է Աշոտ Ղուլեան-Բեկորի ազգային ազատագրական պայքարի գործիչի կերպարին ու մարտական գործունէութեան: Անոր խօսքին համաձայն, Ա. Ղուլեանի հրամանատարական տաղանդը առանձակիօրէն փայլեցաւ 1992 թուականին` Շուշիի ազատագրման ռազմագործողութիւններու ընթացքին, երբ անոր հրամանատարութեամբ գործող վաշտը առաջինը մտաւ Հայոց բերդաքաղաք: Նոյն տարուան 24 Օգոստոսին, Աշոտ Ղուլեան հերոսի մահով ինկաւ Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն գիւղի ազատագրական մարտերուն մէջ:
Բեկորի համախոհ ու մարտական ընկերներէն Աշոտ Սարգսեան անդրադարձաւ առաջին վաշտի կազմաւորման նախապատմութեան ու Ա. Ղուլեանի հրամանատարական ձիրքին, անոր հայրենասէր քաղաքացիի եւ տաղանդաւոր գործիչի կերպարին: Անոր խօսքով, Արցախեան շարժման տարիներուն, երբ շատերը տակաւին կը նախընտրէին քաղաքական պայքարը, Ա. Ղուլեան համախոհ ընկերներու հետ լծուած էր զէնք հայթայթելու գործին: Համոզուած էր, որ ազգային-ազատագրական շարժումին յաջողութիւնը կարելի չէ առանց զինեալ պայքարի: Ա. Ղուլեան այդ նպատակով մեկնեցաւ Երեւան, ուր համախոհներու հետ ինքնաշէն զէնք կը պատրաստէր եւ կ’առաքէր Արցախ: Ըստ Ա. Սարգսեանին, այդ տարիներուն կազմաւորուած ջոկատները կը զինէին Դաշնակցութեան միջոցով ձեռքբերուած զէնքերով: Այնուհետեւ, Ստեփանակերտի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու նպատակով, հիմնականօրէն Աֆղանիստանի պատերազմի մասնակիցներէն կազմուած է 1-ին վաշտը: Այդ տարիներուն Արցախի բոլոր մարտական խումբերու համակարգող, այնուհետեւ նաեւ ինքնապաշտպանութեան ուժերու առաջին հրամանատար Արկատի Կարապետեանի /Դաշնակ Ագօ/ առաջարկութեամբ ու բոլորին միաձայն համաձայնութեամբ, վաշտի հրամանատարութիւնը կը ստանձնէ Աշոտ Ղուլեան:
«Աշոտ Ղուլեան այսօր Արցախի հերոս է:Մենք պէտք է դիմենք ՀՀ եւ ԱՀ նախագահներուն Աշոտ Ղուլեանին ՀՀ ազգային հերոսի կոչում շնորհելու համար», ըսաւ Ա. Սարգսեան:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէն ներկայացուցած իր խօսքին մէջ` ՀՅԴ անդամ, պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնած է, որ Հայոց պատմութեան որեւէ ժամանակաշրջանին կը ծնին հերոսներ, որոնք ազգային-ազատագրական շարժման ու պայքարի ընթացքին կրնան կերտել մեր նորագոյն պատմութիւնն ու պետականութիւնը: Այդ ծիները կրողներէն էր Աշոտ Ղուլեան: Գործիչ, որ տեսլականը ամբողջական հայրենիքի ազատագրումն էր։ Ան ստեղծեց ուժեղ հիմք մը, որպէսզի հետագայ սերունդներ կարենան ունենալ Հայ ժողովուրդի ապագան՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:
Ա. Ղուլեանի կինը` Նելլի Ղուլեան, լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ընթացքին դիտել տուած է, որ ամուսինին նպատակներէն մեծագոյնը` Արեւմտեան Հայաստանը ազատագրելն ու դարձեալ հայաշունչ տեսնելն էր:
«Մեր չորս թոռներէն երկուսքը Աշոտ պապի անունը կը կրեն եւ պիտի շարունակեն իրենց պապի կիսատ գործը», ըսած է հերոսի այրին:
ԼՂՀ ինքնապաշտպանական ուժերու առաջին հրամանատար Արկատի Կարապետեան «Ապառաժ»ին հետ զրոյցին մէջ ըսած է, որ մարտական ընկերոջ` Բեկորի մասին յիշողութիւնները միշտ վառ են:
ՀՅԴ արցախեան գործունէութեան սկիզբէն Բեկորը անդամակցած է ՀՅԴ-ին` անմնացորդ նուիրումով ծառայելով դաշնակցական ֆիտայիներու նորօրեայ խիզախումի պատմութեան կերտման գործին մէջ: Անոր հրամանատարութեամբ գործող ղեկավար 1-ին վաշտը մասնակցած է արցախեան մարտերուն` Ասկերան, Հադրութ, Շահումեան, Կրկժան, Վերին Շէն, Պուզլուխ, Մանաշիդ, Մալիպէյլու, Խօջալու, Լեսնօ, Քարինտակ, Շուշի, Լաչին, Մարտակերտ, Կուսապատ, Մաղաւուզ, Սրխաւենդ, Բաշ-կիւնեփայա, Օրթա-Կիւնեփայա, Դրմպոն` ազատագրելով բազմաթիւ բնակավայրեր:
«Եթէ զինուորէն սկսեալ մինչեւ նախարարը բոլորանուէր իրենց գործը ընեն, ապա մեր բոլոր ձեռնարկումները պիտի պսակուին յաղթանակով…», կ’ըսէր Արցախի հերոսը, որուն համար «Հայրենասիրութիւնը ոչ այլ ինչ էր, եթէ ոչ քու վրադ դրուած պարտականութիւններու բարեխղճօրէն կատարում»:

Վան Նովիկով