«Երկիր».-Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը յայտնէ, որ Հիւսիսային Սիտնիի դաշնային պատգամաւոր, Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ Տրենտ Զիմմերման դատապարտած է Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի վերջին արարքը «Համաճարակի քօղին ներքոյ» եւ Մեծամօրի հիւլէական կայանը ռմբակոծելու Պաքուի սպառնալիքը «Արտակարգ» եւ «Անընդունելի» համարած:
«Ատրպէյճանական նախկին արարքները ուղղուած էին վիճելի Արցախի Հանրապետութեան դէմ: Սակայն այս անգամ ատրպէյճանական ուժերը յարձակած են Հայաստանի վրայ` օգտագործելով հրասայլ, անօդաչու սարքեր եւ հրետանային կրակ, զինուորներու, քաղաքացիական տուներու եւ նոյնիսկ գիւղական մանկապարտէզի ուղղութեամբ հրթիռակոծելով, մինչդեռ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի փողոցներուն մէջ մարդիկ կը վանկարկէին «Մահ Հայաստանին» եւ «Դադրեցուցէք մեկուսացումը, պատերազմ սկսէք», ըսած է Զիմերման դաշնութեան պալատէն ներս:
«Բախումը տեղի ունեցած է լիովին արհամարհելով ՄԱԿ-ի կողմէն համաշխարհային զինադադարի կոչը ներկայիս պսակաձեւ ժահրի համավարակի ընթացքին», աւելցուցած է ան: